ՆՈՐԱ-ՆՈՐԱՑՈՒԱԾ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Քազանի հանդիպումը փաստօրէն բեկումնային չէր: Բանակցային գործընթացի հերթական հանգրուան էր անիկա, որուն նախօրեակին սաստկացած էին յայտարարողական մակարդակի վրայ ճնշումները: Հայկական զսպուածութեան դիմաց ազրպէյճանական գերխանդավառութիւնը` հակամարտութեան հիմնական լուծում ապահովելու, «տարածքային ամբողջականութիւնը» վերականգնելու, հատեց քաղաքական զեղումնայնութեան սահմանը` Ազրպէյճանի նախագահին բերնով յայտարարելու համար, որ Քազանը վերջին կարելիութիւնն է:

Ազրպէյճանական այս աճապարանքն ու գերխանդավառութիւնը չսահմանափակուեցան պաշտօնական Պաքուի սահմաններուն մէջ: Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի ղեկավար Չաւուշօղլուն փութաց «աւետելու», որ Քազանէն ետք կ՛ակնկալուի հայ-թրքական յարաբերութիւններու նոր հանգրուան: Չէ՞ որ ղարաբաղեան լուծումը նախապայման էր Անգարայի համար…

Անկէ ետք` արձանագրուած մեկնաբանութիւնները, բանակցային գործընթացին մէջ տեղաշարժ նկատելու դիտաւորութիւնները եւ զուտ այս կամ այն կողմի քաղաքական շահերու դիտանկիւնէն նկատուած իրադրութիւններու մեկնաբանութիւնները տարաբնոյթ են եւ հակասական նոյնիսկ: Յստակ է, որ չհամաձայնողը ազրպէյճանական կողմն է: Մնալով ազրպէյճանական յայտարարութիւններու տրամաբանութեան շրջագիծին մէջ, հարկ է պարզապէս նշել, որ «վերջին կարելիութիւն»ը բաց թողողը Պաքուն է:

Այստեղ սակայն, Քազանէն բխած յայտարարագիրէն աւելի, երկու պաշտօնական յայտարարութիւն կը խլեն իրադրային նշանակութիւն ունեցող դէպքերուն հետեւողներուն ուշադրութիւնը: Առաջինը կը պատկանի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին, իսկ երկրորդը` Իրանի խորհրդարանի նախագահին:

Ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը հաստատելէ ետք Քազանի ձախողութիւնը կը խօսի լրացուցիչ առաջարկներու մասին: Իսկ Իրանի Ազգային ժողովի նախագահը կը յայտնէ իր երկրին պատրաստակամութիւնը` միջնորդական առաքելութիւն ստանձնելու: Աւելցնելով` եթէ Ազրպէյճան համաձայնի նման առաջարկի մը:

Պէտք չէ մոռնալ, որ առաջին յայտարարութիւն կատարողը միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած երկիրներէն մէկուն պաշտօնական ներկայացուցիչն է, որ այս պարագային համաձայնելի նոր սկզբունքներու մասին ակնարկութիւն կը կատարէ: Յայտնապէս, բանակցային սեղանին վրայ դրուած սկզբունքներուն վրայ պէտք է աւելցնել բանակցելի այլ առաջարկներ, որպէսզի կարելի ըլլայ փակուղիէն դուրս գալ: Մատրիտեան Նորա-նորացուած սկզբունքներու ակնարկութիւնն է, որ կ՛ընէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը:

Իսկ Իրանի Ազգային ժողովի նախագահը միջնորդական առաքելութիւնը մինչ այժմ չստանձնած ըլլալու պատասխանատուութիւնը կը բարդէ Ազրպէյճանի ուսերուն: Առաջին անգամը չէ, որ Իրան կ՛ինքնաառաջադրուի նման առաքելութեան: Խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը, շատ պարզօրէն, իրանեան սահմաններու զինուորական վերահսկողութեան հաւասարազօր որոշում է, որ բնականաբար կ՛անհանգստացնէ ղարաբաղեան բանակցային գործընթացէն դուրս մղուած շրջանի կարեւոր այս երկիրը: «Եթէ Ազրպէյճան համաձայն ըլլար… որովհետեւ անիկա նախընտրած էր միջազգային կազմակերպութիւններուն միջնորդութիւնը»: Քաղաքական այս յայտարարութիւնը ուղղակի քննադատութիւն է դրացի Ազրպէյճանի հասցէին: Կողմերուն միջեւ միջնորդական առաքելութիւն ստանձնելու համար անհրաժեշտ է երկու կողմերուն համաձայնութիւնը: Թէեւ հայկական կողմը ո՛չ մերժած, ո՛չ համաձայնած է նախապէս Թեհրանէն հնչած նման առաջարկի, Իրանի Ազգային ժողովի նախագահը պատասխանատուութեան սիւնին կը գամէ իր միջնորդութեան համաձայն չեղող Ազրպէյճանը:

Յամենայն դէպս, լրացուցիչ առաջարկներու մշակման կարիքը հրապարակաւ յայտարարուած է արդէն: Հիմնարար սկզբունքներու նոր թղթածրարի պատրաստման անհրաժեշտութիւնը կայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES