«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԻՐ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՉՓՈԽԷ, ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՆՈՅՆ ԿՇՌՈՅԹՈՎ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԻՍԿԱՆԴԱՐԵԱՆ

Ալեքսանտր Իսկանդարեան

Հայրենի քաղաքագէտ Ալեքսանտր Իսկանդարեան երէկ յայտնեց, որ ինք չի կարծեր, թէ Քազանի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումէն ետք Մինսքի խմբակը հասկցաւ, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղին հարցը չի լուծուիր: Ըստ անոր, այդ խմբակը աւելի կանուխ ատիկա հասկցած էր: Ան աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է դառնայ բանակցային կողմ: Երեւան մշտապէս ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի դիրքորոշումը եւ որեւէ բան Քազանէն ետք չէ փոխուած:

Խօսելով բանակցային հոլովոյթի ձեւաչափի փոփոխութեան կարելիութեան մասին` քաղաքագէտը նշեց, որ անոր սպասելը անիմաստ է:

Մինչ Մինսքի խմբակը յայտնեց, որ շատ բնականոն ձեւով կ՛իրականացնէ իր պարտաւորութիւնները, Եւրոպական Միութիւնը կը փորձէ մտնել դաշտ մը, ուր պիտի յաջողի աւելի աշխուժ ըլլալ Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ: Բայց հայրենի քաղաքագէտը կը պնդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը իր ձեւաչափով չի կրնար փոխարինել Մինսքի խմբակը: Ըստ անոր, այս լուրերը մամլոյ մէջ հերթական խօսակցութիւններ են, որոնք հիմնականին մէջ կ՛արտայայտեն Ազրպէյճանի դժգոհութիւնը Մինսքի խմբակին աշխատանքէն:

Ա. Իսկանդարեան նշեց, որ Ռուսիա կրնայ դժգոհիլ, որ որեւէ փաստաթուղթ չէ ստորագրուած Քազանի մէջ: Ան աւելցուց, որ Ռուսիա Ղարաբաղի խնդիրի լուծման առումով ճերմակ քարտ ունի միջնորդութիւնը շարունակելու, բայց Ռուսիոյ դիրքորոշումը բոլոր երեք կողմերուն` Ռուսիոյ, Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի դիրքորոշումն է: Ըստ անոր, Ռուսիա մինակը որեւէ որոշում չի տար եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի այսօրուան ձեւաչափը շատ յստակ է` խաղաղ ճամբով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը:

Իսկանդարեան նաեւ համոզում յայտնեց, որ Հայաստան իր դիրքորոշումը պիտի չփոխէ: Բանակցային հոլովոյթը պիտի շարունակուի նոյն ձեւով, ինչպէս կ՛ընթանայ 2007-էն ի վեր, եւ քաղաքագէտը որեւէ պատճառ չի տեսներ, որ Հայաստան իր դիրքորոշումը փոխէ:

«Ես չեմ կրնար սուրճի բաժակով գուշակութիւն կատարել ապագային համար, բայց վստահ եմ, որ այս հոլովոյթը պիտի շարունակուի այն ձեւաչափով, որով կ՛ընթանայ: Ատիկա պիտի ըլլայ Քազանի մէջ կատարուածին շարունակութիւնը, այսինքն` երկու կողմերը պիտի աշխատին փաստաթուղթի հասնիլ: Այս անգամ կարելի չեղաւ այդ փաստաթուղթին հասնիլ Քազանի մէջ, բայց օրինակ` Սոչիի կամ Մայնտորֆի մէջ կարելի եղաւ: Յառաջիկային ալ անկասկած այդ փորձերը պիտի շարունակուին», ընդգծեց Ա. Իսկանդարեան:

Share this Article
CATEGORIES