ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԵՏԵՒԻԼ ԵՐԿՐԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԵՒ ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի պատուաւոր նախագահ Յարութիւն Արմէնեանը եւ համալսարանի Թրփանճեան գիւղական համայնքներու զարգացման ծրագիրի ղեկավար Արմէն Սարդարեանը եւ անոնց հետ քննարկեց Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման հետ առնչուող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան յաջողած նկատեց Թրփանճեան գիւղական համայնքներու զարգացման ծրագիրը` նշելով, որ ատիկա դրական ազդեցութիւն կը գործէ Արցախի մէջ ժամանակակից գործարարական մշակոյթի զարգացման վրայ:
ՄԻՒՍ կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 յուլիսին այցելեց Ասկերանի, Մարտունիի ու Հատրութի շրջանները եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ տնտեսական շարք մը ծրագիրներու իրականացման եւ բերքահաւաքի աշխատանքներու ընթացքին:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց բերքահաւաքին մէջ ընդգրկուած բոլոր կառոյցներուն սերտ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` զայն նկատելով բերքահաւաքի անկորուստ կազմակերպման նախապայմաններէն մէկը:
Նախագահ Սահակեան այցելեց նաեւ Մարտունիի շրջանին մէջ կառուցուող հիւանդանոցի եւ մարզահամալիրի շինարարական հարթակներ եւ ծանօթացաւ իրականացուուղ աշխատանքներուն:
Նախագահին կ՛ուղեկցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: