Բանակը Ձերբակալեց Յանցագործներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը նախանցեալ երեկոյեան Պեքաայի Խտըր գիւղաքաղաքին մօտակայքը թակարդ մը պատրաստած է Մոհամետ Իսմայէլ անունով յանցագործի մը համար, որուն դէմ դատական իշխանութիւնները 70 բերման գիր հրապարակած են:

Իսմայէլ ամբաստանուած է բանակայիններուն դէմ կրակ բանալու, գողութիւն կատարելու, փաստաթուղթեր կեղծելու եւ աւազակախումբեր կազմաւորելու յանցանքներով:

Միւս կողմէ, բանակը Սատ Պաուշրիէի մէջ ձերբակալեց յանցագործներ եւ գրաւեց անոնց մօտ գտնուող զէնքը, զինամթերքն ու թմրեցուցիչը:

ՄԻՒՍ կողմէ, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ 6 արգելափակեալ զինուորներ եւ 3 բանտարկեալներ ամբաստանեց Ռումիէի մէջ գործուած ապօրինութիւններու եւ շանթաժի ենթարկելու յանցանքով: Սաքըր նշեալ ամբաստանեալներուն թղթածրարները փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES