«Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան Ամէնէն Արագ Միջոցը Համախոհութեան Գոյացումն Է» Ընդգծեց Շէյխ Քասեմ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ամէնէն արագ միջոցը համախոհութեան գոյացումն է, իսկ մրցակցութիւնը խոչընդոտած է եւ տակաւին կը շարունակէ արգելակել նախագահական ընտրութեան սահմանադրական հոլովոյթը:
Շէյխ Քասեմ կոչ ուղղեց օգտուելու տիրող դրական պայմաններէն, որոնք օժանդակեցին ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան:
«Անհրաժեշտ է նախագահական ընտրութիւնը եւս կատարել ազգային միասնականութեան ոգիով: Հետեւաբար խիստ քաջալերելի է, որ քաղաքական ուժերը համախմբուին եւ գործակցին` Լիբանանի շահերուն համար», ըսաւ ան:
Շէյխ Նայիմ Քասեմ աւելցուց, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանի համար պատիւ կը նկատուի, ինչպէս նաեւ սիւն մը, սկզբունք մը եւ ազգային հիմք, առանց որուն կարելի չէ Լիբանանը փրկել:
«Մենք շատ լուրջ ենք Լիբանանի սպառնացող մարտահրաւէրներուն առանց քաղաքական հաշիւներու դէմ դնելու առումով, եւ մենք կը հաւատանք իրաւունքին եւ արժանապատուութեան պահպանումին», նշեց Քասեմ:
Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլան քաղաքական իր բոլոր ընտրանքներուն մէջ իբրեւ առաջնահերթութիւն նկատի կ՛ունենայ Դիմադրութիւնը, ինչ որ կը փաստէ, թէ Հըզպալլայի համար առաջնահերթութիւն է Լիբանանի բռնագրաւուած հողերուն ազատագրումը:
Շէյխ Քասեմ ընդգծեց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ տարած իրենց պայքարը եւս անմասն չի մնար Դիմադրութեան ընդդիմացող ծրագիրին դէմ մղուած կռիւէն` զգուշացնելով, որ վերջին ժամանակաշրջանին Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ցամաքային ու ծովային ոտնձգութիւններ կ՛արձանագրուին եւ այդ մասին նուազագոյնը պէտք է բարձրաձայն դատապարտումներ կատարել:
«Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերէն պէտք է իսրայէլեան այս ոտնձգութիւններուն մասին դատապարտումներ արձանագրուին», շեշտեց Քասեմ:

