Ռայի Պատրիարքը Մըրի Հետ Քննարկեց Ինթըրփոլի Գործունէութիւնը

Ռայի պատրիարքը եւ Մըր
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Ինթըրփոլի նախագահ, նախկին նախարար Էլիաս Մըրը, որուն հետ քննարկեց Ինթըրփոլի գործունէութիւնը եւ բոլոր երկիրներուն ապահովական մարմիններուն հետ անոր աշխատանքը:
Մըր Ինթըրփոլի շքանշանը նուիրեց Ռայի պատրիարքին, որ իր կարգին Մըրի նուիրեց մարոնի պատրիարքութեան շքանշանը:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որ յայտնեց, թէ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
Ուահապ նշեց, որ Ռայի պատրիարքին մերժողական կեցուածքը յստակ է` նախագահական աթոռը թափուր պահելու իմաստով: «Սակայն մեր հասկացողութեամբ նախագահական աթոռը թափուր չի մնար միայն հանրապետութեան նոր նախագահին ընտրութեամբ: Հետեւաբար, կը կրկնեմ, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութիւնը փրկելու օրինական թեկնածու է, եւ կը մաղթեմ, որ այս իմաստով ընթացող խորհրդակցութիւնները բոլորին մօտ համոզում մը գոյացնեն, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքը համոզեն, որ մետասաներորդ պահուն մեզի միանայ` նախագահ մը ընտրելու նպատակով», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքին այցելեցին նախկին նախարարներ Նազեմ Խուրի եւ Ֆարես Պուէյզ:
Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին: Քննարկուեցան տեղական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

