Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Սուրիացի Գաղթականներուն Յատուկ Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

Նախարարական յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Նախարարական յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի գաղթականներուն յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, ինչպէս նաեւ նախարարներ Պութրոս Հարպ, Ժըպրան Պասիլ, Նուհատ Մաշնուք, Ռաշիտ Տըրպաս, Մոհամետ Մաշնուք, Աշրաֆ Ռիֆի, Սըժաան Քազզի, Էլիաս Պու Սաապ եւ Ալեն Հաքիմ, ինչպէս նաեւ Շտապ օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Խէյր:

Նիստէն ետք ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ որդեգրուելիք քաղաքականութիւնը:

Նշենք, որ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սալամ երկուշաբթի օր պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ սէուտցի պաշտօնատարներու հետ` խոստանալով անոնց, թէ լիբանանեան պետութիւնը ամէն իմաստով դիւրութիւններ պիտի տրամադրէ սէուտցի զբօսաշրջիկներուն:

Կը նախատեսուի, որ վարչապետ Սալամ քննարկէ նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES