Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Պահպանելու Սահմանադրութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Պաղեստինեան Աղէտի յիշատակին առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մաղթեց, որ պաղեստինցիները կը վերստանան իրենց իրաւունքներն ու բռնագրաւուած հողերը` կերտելով իրենց ուրոյն պետութիւնն ու իրականացնելով իրենց տունդարձի երազը:

Նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան ժամկէտէն տասը օր առաջ պետութիւնը գիտակցի ինքզինք պահելու եւ իր գոյութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնն ու ուղղուի դէպի ժողովրդավարութեան եւ սահմանադրութեան պահպանում` նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարելու ընդմէջէն:

Նախագահ Սլէյման երէկ առաւօտեան ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այսօր կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստին օրակարգը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Ճարտարապետներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Խալետ Շեհապի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ սենտիքային աշխատանքը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES