Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Յետաձգուեցաւ 22 Մայիսին

1505endragan_zposankՆախագահական ընտրութեան երէկուան նիստը նմանեցաւ երկու նախորդ նիստերուն, որոնք յետաձգուեցան` երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:

Նշենք, որ նախագահական ընտրութեան նիստին պէտք է ներկայ գտնուին նուազագոյնը 86 երեսփոխաններ, սակայն երէկ ներկայ էր միայն 73 երեսփոխան:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահական ընտրութեան նիստը յետաձգեց 22 մայիս 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ առաւօտեան ժամը 10:00-ին հասաւ խորհրդարան, հերթաբար հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարան ժամանող երեսփոխաններուն հետ:

Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի հանդիպումներ ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, վարչապետ Թամմամ Սալամի, նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթիի եւ Ֆուատ Սինիորայի, ինչպէս նաեւ նախարար Պութրոս Հարպի հետ:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` խորհրդարանին մէջ եւ անկէ դուրս կարգ մը երեսփոխաններ կեցուածքներ յայտնեցին տիրող ընդհանուր մթնոլորտին մասին:

Երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ ընդգծեց, որ ինք կտրականապէս դէմ է սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելուն` աւելցնելով, որ 1996-էն ի վեր կատարուած սահմանադրական փոփոխութիւնները երկրին համար վնասակար եղած են:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ «խորհրդարանի նախագահին կողմէ նախագահական ընտրութեան նիստը մէկ շաբաթով յետաձգելը շատ ուշ է եւ 22 մայիսէն ետք միայն երկու օրուան առիթ կը մնայ, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք խորհրդարանի նախագահին` բարեփոխելու իր կեցուածքը»:

Ժեմայէլ խստիւ քննադատեց այն երեւոյթը, որ Լիբանան մնայուն կերպով կախեալ կ՛ըլլայ միջազգային եւ շրջանային որոշումներէն` հանրապետութեան նոր նախագահին ինքնութիւնը ճշդելու առումով:

Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իբրեւ կեցուածք եւ որոշում համախմբումը կախեալ չէ Սէուտական Արաբիայէն, Սուրիայէն եւ Իրանէն:

Նախարար Աքրամ Շեհայէպ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան համար վստահաբար կարիքը կայ լիբանանեան ներքին եւ շրջանային համաձայնութեան:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին կողմէ նախագահական ընտրութիւնը շաբաթով մը յետաձգելը կը նշանակէ, թէ ան բնաւ յոյս չունի, որ այդ գծով համախոհութիւն կարելի է գոյացնել:

Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու, երեսփոխան Հանրի Հըլու յայտնեց, որ պէտք է ըլլայ յանդուգն եւ քաջ նախաձեռնութիւն մը, որ Լիբանանը դուրս բերէ այս տագնապէն: Ան աւելցուց, որ իր թեկնածութիւնը տակաւին ի զօրու է:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստի մը երեսփոխանին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը սահմանադրական իրաւունք է, սուտ է:

Անդրադառնալով նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահական պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութեան` Ժահժահ ըսաւ, որ նախագահ Սլէյմանի մասին իրենց կարծիքը դրական է, սակայն երբեք չեն մտածեր սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու մասին:

Share this Article
CATEGORIES