«Պէտք Է Ճանաչումէն Անդին Անցնիլ Եւ Հատուցում Պահանջել» Ըսաւ Կիրօ Մանոյեան

կիրո111Նկատի ունենալով Հարաւային Կովկասի մէջ  տեղի ունեցող զարգացումները, մասնաւորաբար` Ուքրանիոյ դէպքերը, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Հարաւային Կովկաս կատարած այցելութիւնը բաւական կարեւոր իրադարձութիւն էր. այս մասին երէկ «Ֆորում» մամլոյ ակումբին մէջ, լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին, յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, նախագահ Հոլլանտ ճիշդ շեշտադրումներ կատարած է Հայաստանի եւ հայութեան վերաբերեալ. «Եթէ ընդհանուր առմամբ արժեւորենք, ապա հին բարեկամի մօտ այցելութիւն էր»:

«Հայաստանի եւ Ֆրանսայի տնտեսական յարաբերութիւնները, սակայն, չեն համապատասխաներ երկու երկիրներուն միջեւ եղած բարեկամական յարաբերութիւններուն», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան` աւելցնելով, որ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները տնտեսական մարզին մէջ աւելի եւս սերտանալու պէտք ունին:

Ըստ Մանոյեանի, կայ կէտ մը եւս, որ «կապ չունի» հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն հետ: «Իմ կարծիքովս, Հայաստանի իշխանութիւններու ձախողութիւնն էր այն կէտը, որ Ֆրանսայի նախագահին հետ պաշտօնական հանդիպումներուն ընդդիմութենէն ոեւէ մէկը հրաւիրուած չէր, մինչդեռ նախագահին ուղեկցող ֆրանսական պատուիրակութեան կազմին մէջ, հայկական համայնքի տարբեր քաղաքական հայեացքներ կրող անդամներ կային, ինչպէս նաեւ այդ երկրի տարբեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ», ըսաւ Մանոյեան:

Բացի անկէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նստավայրին  մէջ տրուած պաշտօնական ընթրիքին ընթացքին Հոլլանտ յիշեց իր 2007 թուականի այցելութիւնը եւ նշեց, որ անիկա Դաշնակցութեան հրաւէրով տեղի ունեցած էր, մինչդեռ սեղանի շուրջ այդ կուսակցութենէն ոչ մէկ ներկայացուցիչ կար. «Եւ այդ երեւոյթը լաւ տպաւորութիւն չէր ձգած ֆրանսական կողմին վրայ»,  ամփոփեց Մանոյեան:

Կիրօ Մանոյեան կարեւոր նկատեց նաեւ Ֆրանսուա Հոլլանտի Արցախի վերաբերեալ այն յայտարարութիւնը, որ Ֆրանսա խնդիր չի տեսներ Արցախի ժողովուրդի կամքի արտայայտութեան մէջ:

Անդրադառնալով ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն` Կիրօ Մանոյեան նշեց, թէ ծրագիրները, անշուշտ, կարեւոր են, բայց աւելի կարեւոր է այն պատգամը, որ մենք պէտք է փոխանցենք աշխարհին: «Պէտք է ճանաչումէն անդին անցնինք եւ պահանջենք հատուցում: Պէտք է շեշտադրումները ճիշդ դնել եւ յստակ պատգամ փոխանցել, թէ մենք ի՛նչ կ՛ուզենք աշխարհէն եւ Թուրքիայէն», յայտարարեց Կիրօ Մանոյեան` ընդգծելով, որ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրը վաղեմութեան ժամկէտ չունի:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, Ֆրանսան, այնուամենայնիւ, կ՛ընդունի ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրէնքը, սակայն տակաւին կը սպասէ Եւրոպական դատարանի որոշումին: «Այդ օրինագիծը պէտք է համապատասխանեցուի նաեւ Ֆրանսայի սահմանադրութեան հետ, ստանայ Սահմանադրական խորհուրդի համաձայնութիւնը, որովհետեւ անիմաստ է ընդունիլ օրէնք մը, որ հետագային կրնայ անվաւեր կամ հակասահմանադրական ճանչցուիլ»:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն հետագայ յարաբերութիւններու խորացման, Հոլլանտ յանձնառու եղաւ ճամբայ հարթելու այդ ուղղութեամբ, յայտնեց Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով Հոլլանտի Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ հնչած յայտարարութեան:

«Նախագահ Հոլլանտ յայտարարեց, որ ինք ձեռնամուխ կ՛ըլլայ, որ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ որոշ համագործակցութեան փաստաթուղթ ստորագրուի: Կը կարծեմ, որ ասիկա նոյնպէս շատ կարեւոր է», նշեց Մանոյեան` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ այս պարագային այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատի ոչ թէ Հայաստանը, այլ ընդհակառակն` Եւրոպական Միութիւնը:

«Կը  կարծեմ, որ Եւրոպական Միութիւնը սխալ գործեց Ուքրանիոյ պարագային, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները թուլացնելով: Եւրոպական Միութիւնն ալ իր մեղքի բաժինը ունի եւ պէտք է իր հետագայ յարաբերութիւններու զարգացման համար որոշակի սրբագրումներ կատարէ», շեշտեց Մանոյեան` նկատել տալով, որ Հայաստան նոյնիսկ 3 սեպտեմբերէն ետք միշտ յայտարարած է, որ կ՛ուզէ Եւրոպայի հետ իր յարաբերութիւնները շարունակել, մինչդեռ Եւրոպան Հայաստանէն երես դարձուց առանց որեւէ պատճառի:

«Հայաստանի` Մաքսային միութեան վերաբերեալ որոշումէն ետք Եւրոպական Միութիւնը հրաժարեցաւ Հայաստանի հետ Ազատ եւ խոր համապարփակ առեւտուրի համաձայնագիր ստորագրելէ, ատիկա սխալ ետքայլ էր», աւելցուց Մանոյեան` շարունակելով, որ այդ մերժելու համար ոչ մէկ հիմնաւոր պատճառ կար, մանաւանդ որ Մաքսային միութիւնը խոչընդոտ չէր հանդիսանար Եւրոպական Միութեան հետ այդ Համագործակցութեան համաձայնագիրը կնքելու համար. «Աւելի՛ն` ոչ մէկ պատճառ կար, որ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները թուլանային: Կը մնայ, որ Եւրոպական Միութիւնը իր կեցուածքը գոնէ հիմա սրբագրէ ու չըսէ, թէ եթէ Հայաստանը որոշած է շարունակել տնտեսական յարաբերութիւնները Մաքսային միութեան հետ, չի կրնար Եւրոպայի հետ յարաբերութիւնները շարունակել ու խորացնել: Այստեղ աւելի շատ Եւրոպան ընելիք ունի, քան Հայաստանը», ընդգծեց Մանոյեան:

 

Share this Article
CATEGORIES