Ազգային Ժողովը Երկրորդ Ընթերցումով Ընդունեց «Կուտակային Կենսաթոշակներու Մասին» Օրէնքը
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծը երկրորդ ընթերցումով ընդունելու հարցը:
Քուէարկութենէն առաջ խօսք առաւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Մարգարեան` ըսելով, որ Օրինաց երկիր կուսակցութեան ներկայացուցած էր առաջարկ` այդ նախագիծին վերաբերեալ: Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Յակոբ Յակոբեան յայտնեցին, որ նախանցեալ օր հիմնական զեկուցող` Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան յայտարարած է, որ Օրինաց երկիր կուսակցութեան առաջարկը չէ ընդունուած:
Արձագանգելով` Յովհաննէս Մարգարեան նշեց, որ նկատի ունենալով նաեւ այդ հանգամանքը, որ Օրինաց երկիր կուսակցութեան առաջարկը կառավարութիւնը չէ ընդունած, Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ նախագիծին:
Քուէարկութեամբ` 67 թեր, 29 ձեռնպահ եւ 18 դէմ ձայներով, կառավարութեան նախագիծը ընդունուեցաւ:
Նշենք, որ Հայ ազգային քոնկրեսը, Ժառանգութիւնը եւ Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը դէմ քուէարկեցին այս նախագիծին, իսկ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` ձեռնպահ:
«Կուտակային»-ի Վերաբերեալ Կառավարութեան
Նախագիծին Մէջ Էական Հիմք Է Կամաւորութեան Սկզբունքը
«Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութիւն օրէնքին վերաբերեալ կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին մէջ կամաւորութիւնը կը դառնայ էական հիմք: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութիւն օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու օրինագիծը ամբողջութեամբ ընդունելու քննարկման ժամանակ նշեց ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: «Եթէ քաղաքացին կրնայ դիմում գրել եւ իր ցանկութեամբ հրաժարիլ համակարգին մասնակցելէ, ապա այդ համակարգը այլեւս չի կրնար պարտադիր կոչուիլ», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ըսաւ Մինասեան:
Ան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ այս նախագիծին ընդունումով պարտադիր բաղադրիչը կը դառնայ կամաւոր` քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղելով հակասական յայտարարութիւններով հասարակութիւնը թիւրըմբռնման մէջ չձգել, քանի որ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած նախագիծը իսկապէս դրական քայլ է եւ պէտք է վայելէ հասարակութեան աջակցութիւնը:
Մինասեան նկատել տուաւ, որ հասարակութիւնը այս օրէնքին ընդունումը անհամբերութեամբ կը սպասէ` յոյս յայտնելով, որ ատիկա ամբողջութեամբ կ՛ընդունուի Ազգային ժողովին մէջ եւ կը ստորագրուի հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
Ազգային ժողովը ընդունեց «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու օրէնքի նախագիծը, որուն մէջ կ՛առաջարկուի կասեցնել գործատէրերու նկատմամբ տուգանքներու կիրարկումը, եթէ անոնք չհաշուարկեն եւ չփոխանցեն կուտակային վճարները: Միեւնոյն ժամանակ, քաղաքացիներուն կարելիութիւն կը տրուի սեփական դիմումի համաձայն հրաժարելու պարտադիր համակարգին մասնակցութենէն, ինչպէս նաեւ ստանալ այն գումարները, որոնք պահուած են գործատիրոջ կողմէ, սակայն հիմնադրամներուն չեն փոխանցուած:

