Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Կիւլին
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին` Թուրքիոյ Մանիսա նահանգին մէջ տեղի ունեցած պատահարին առիթով, որուն պատճառով Թուրքիոյ հարիւրաւոր քաղաքացիներ զոհուած են:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ նախագահ Սարգսեան անկեղծ վշտակցութիւն յայտնեց Կիւլին եւ Թուրքիոյ ժողովուրդին` սփոփանքի խօսքեր յղելով զոհերու հարազատներուն, վիրաւորներուն մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:
Վերջին տուեալներով` Թուրքիոյ Սոմա աւանին մէջ գտնուող ածխահանքի հորերէն մէկուն մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած պայթումին պատճառով 282 անձեր զոհուած էին:
CATEGORIES Հայկական

