ՌՈՒՍԻԱ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ՏԱՐԱԾՔ ՅԱՆՁՆԱԾ Է
Ուքրանական «Վերսի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ի յայտ եկած է, որ Ռուսիա Ազրպէյճանի փոխանցած է Տաղստանի Մահարամքենթի շրջանի երկու գիւղ եւ Սամուր գետին վրայ գտնուող ամբարտակ մը: Հողերու յանձնումի այս հոլովոյթը կատարուած է գաղտնիութեան պայմաններու մէջ եւ հապճէպ կերպով, ինչ որ Ռուսիոյ Տումային մէջ լուրջ գայթակղութիւն յառաջացուցած է:
Ռուս երեսփոխանները նոյնիսկ տեղեակ չեն եղած, որ այդ քայլով Ռուսիոյ 600 քաղաքացիներ այլ երկրի մը քաղաքացի դարձած են: Կայքէջը կը նշէ, որ մասնաւորաբար գայթակղալից է այն իրողութիւնը, որ տարածքները փոխանցուած են Տաղստանի «վարչական միաւորներու կարգավիճակի եւ սահմաններու մասին» օրէնքի կոպիտ խախտումով, ինչ որ նախադէպ կրնայ ստեղծել, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ Գերմանիոյ փոխանցել Քալինինկրատի մարզը, իսկ Ճափոնին` Քուրիլեան կղզիները:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրեկորի Քարասին յայտարարած է, որ ատիկա կատարուած է յանուն «բարեկամութեան եւ համագործակցութեան»: Կայքէջին կարծիքով, այս քայլը կատարուած է Ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ «կէտեր հաւաքելու» համար, սակայն հաստատ չէ, որ տագնապի կողմերը Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը խաղաղութեամբ կը լուծեն, իսկ տարածքներու յանձնումով Ռուսիան փաստացի կերպով կը ճանչնայ Ազրպէյճանի սահմանները, բան մը, որ նոյնիսկ Ազրպէյճանի համար եղբայրական Թուրքիան չէ ըրած:
Կայքէջը շարունակելով կը նշէ, որ Ազրպէյճանին տարածքներու փոխանցումը ոչ միայն նիւթական լուրջ վնաս կը հասցնէ նշուած գիւղերուն, այլ նաեւ ազգային լարուածութեան հաւանական նոր օճախ կը ստեղծէ: Բան մը, որուն մասին Պաքուի մէջ չեն իսկ մտածեր, այլ` «աշխարհաքաղաքական մեծ յաղթանակը» կը տօնեն: