ԱԼԻԵՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԵՒ ՕՊԱՄԱՅԻ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐՈՒՄԸ ԿԸ ՅՈՒՍԱՅ

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նամակ մը ուղարկած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային եւ շնորհաւորած է Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան տօնը:

Ալիեւ իր նամակին մէջ նաեւ խօսած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մասին:

«Մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու շահագրգռուածութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր է: Պարո՛ն նախագահ, մենք մեծ յոյսեր կը կապենք այն բանին հետ, որ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան խախտման, մեր հողերու բռնագրաւման եւ մեր հայրենակիցներուն` իրենց հայրենի օճախներէն վտարման պատճառ դարձած ղարաբաղեան հակամարտութեան արդարացի եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն տագնապի լուծման ուղղուած, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր ձեր պետութեան եւ անձամբ ձեր ջանքերը շուտով արդիւնք կու տան», կը նշէ Ալիեւ Օպամային յղած իր նամակին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES