ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱՄԷՏ ՈՐՈՇՈՒՄ ՄԸ ՈՐԴԵԳՐԱԾ Է

Հաւաստի աղբիւրներ «Ազդակ»ին յայտնեցին, որ Իսլամական պետութիւններու կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ 28-30 յունիսին գումարած իր ժողովին ընթացքին որդեգրած է «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնարարքին մասին» խորագիրը կրող թիւ 38/10-ս բանաձեւը, որ կը բաղկանայ 22 կէտերէ: «Ազդակ» ձեռք ձգեց նշեալ բանաձեւէն օրինակ մը:

Բանաձեւը Հայաստանի կատարած բռնարարքին եւ «բռնագրաւուած հողամասերուն» վրայ «հայ բնակեցուածներու» տեղակայման նկատմամբ խոր մտահոգութիւն յայտնելէ ետք, կը դատապարտէ Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի կատարած բռնարարքը, «ազրպէյճանական բռնագրաւուած հողամասերուն վրայ ազրպէյճանցի քաղաքայիններուն դէմ գործադրուող արարքները մարդկութեան դէմ ոճիր» կը նկատէ, բուռն կերպով կը դատապարտէ «Ազրպէյճանական բռնագրաւուած հողամասերուն վրայ հնագիտական, մշակութային, պատմական եւ կրօնական յուշարձաններուն քանդումը», ուժեղ կերպով կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 822, 853, 874, 884 բանաձեւերուն գործադրութիւնը եւ «բռնագրաւուած ազրպէյճանական հողամասերէն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղէն հայկական ուժերու անմիջական, առանց նախապայմանի եւ ամբողջական հեռացումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ուժեղ կերպով կը պահանջէ յարգել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը»:

Բանաձեւը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ` ճանչնալու Ազրպէյճանի դէմ կատարուած «բռնարարքը» եւ ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածին հիմամբ անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելու: Անիկա նաեւ կոչ կ՛ուղղէ` «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին» գտնելու արդար լուծում մը, որ հիմնուած ըլլայ պետութիւններու հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքներուն վրայ:

Բանաձեւը Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութեանց կոչ կ՛ուղղէ` ընթացող խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ ԵԱՀԿ-ի առնչակից որոշումներուն վրայ հիմնուած շինիչ մասնակցութիւն բերելու:

Իսլամական պետութիւններու կազմակերպութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման» համար 1996-ին Լիզպոնի մէջ ԵԱՀԿ-ի վեհաժողովին ընթացքին որդեգրուած երեք սկզբունքներուն` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան, Ազրպէյճանի սահմաններուն ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղին ինքնավարութեան բարձր մակարդակի շնորհման եւ Լեռնային Ղարաբաղին ու անոր ամբողջ բնակչութեան ապահովութեան երաշխաւորման:

Կազմակերպութիւնը ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու մնայուն ներկայացուցիչներուն կոչ կ՛ուղղէ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի քուէարկութեանց ընթացքին ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելու Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան հարցին:

Բանաձեւը կը նշէ, որ ներկայ կացութիւնը լուծումի իբրեւ հիմք չի կրնար ծառայել, եւ կը պահանջէ շրջանի հայերու այդ տարածքներուն մէջ բնակեցման աշխատանքը անմիջապէս դադրեցնել: Կազմակերպութիւնը ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ նաեւ Ազրպէյճանի պետութեան եւ ժողովուրդին «իրենց երկրին պաշտպանութեան ի խնդիր թափած ջանքերուն», եւ կոչ կ՛ուղղէ շրջանէն հեռացած ազրպէյճանցի գաղթականներուն ապահով, արժանապատուօրէն եւ յարգուած վիճակի մէջ վերադարձը կարելի դարձնելու:

Կազմակերպութիւնը ի վերջոյ կը նշէ, որ Ազրպէյճան իրաւունքը ունի իրեն հասած վնասներուն համար հատուցում պահանջելու եւ Հայաստանը պարտաւոր կը նկատէ պատշաճ հատուցում կատարելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES