ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ
Արաբական աշխարհին մէջ կիներու վերաբերող իրավիճակին եւ դէպի ժողովրդավարութիւն տանող հանգրուաններուն մասին քննարկումներ իրականացան Աթէնքի արուարձաններէն Լաղոնիսիի շրջանին մէջ` 28 եւ 29 յունիս 2011-ին տեղի ունեցած Կիներու Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստին ընթացքին:
ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ նիստին մասնակցեցաւ Յունաստանի շրջանէն Ալիս Ապրոյեան. խորհուրդը իր աշխատանքները աւարտեց յայտարարագիր մը հրապարակելով:
CATEGORIES Հայկական