Վահագն Միլիտոսեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

1505militosyanՖրանսական Լաւալ ակումբին մաս կազմող 20-ամեայ յառաջապահ Վահագն Միլիտոսեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, որ 25 մայիսէն 6 յունիս ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ:

Միլիտոսեան ArmSport.am-ին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ այս տարեշրջանի աւարտին հեռանայ Բ. դասակարգին մաս կազմող Լաւալէն:

Նշենք, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականը պիտի կատարէ ֆութպոլի երեք բարեկամական մրցում, յաջորդաբար` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (27 մայիս), Ալճերիոյ (31 մայիս) եւ Գերմանիոյ (6 յունիս) դէմ:

Հայկական աղբիւրը իր լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ փաստաթուղթերու պատճառով Միլիտոսեան չի կրնար ժամանել Հայաստան:

Share this Article
CATEGORIES