Ճատրակի Համաշխարհային Ողիմպիականը Կրնայ Տեղի Չունենալ Նորվեկիոյ Մէջ

1505tromso_chessboardՎերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, Նորվեկիոյ Թրոմսօ քաղաքին մէջ նախատեսուած այս տարուան ճատրակի գլխաւոր իրադարձութեան` ողիմպիականին տեղի ունենալը կամ չունենալը ներկայիս մեծ հարցականի տակ է:

Ասիկա անկեղծօրէն խոստովանած է նաեւ Նորվեկիոյ ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Եորան Օլին-Եանսըն, aftenposten.no կայքին տուած իր մեկնաբանութիւններուն ընթացքին, կը յայտնէ ArmSport.am:

Օլին Եանսըն կ՛ըսէ. «Երբ 2010-ին որոշուեցաւ Թրոմսոյի մէջ կատարել ողիմպիականը, երկրին կառավարութիւնը մեր տրամադրութեան տակ դրաւ 75 միլիոն նորվեկիական քրոն: Սակայն ատկէ չորս տարի անցած է եւ յաւելեալ 15 միլիոն նորվեկիական քրոնի կարիքը կը զգացուի, գումար մը, որուն տրամադրումը սակայն կը մերժուի կառավարութեան կողմէ: Եթէ այդ յաւելեալ գումարը չստանանք, չենք կրնար հիւրընկալել համաշխարհային ողիմպիականը»:

Նշենք, որ համաշխարհային ճատրակի համաժողովը 1-15 օգոստոսին նախատեսուած է Թրոմսոյի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենան ՖԻՏԷ-ի նախագահի ընտրութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES