«Մարքա». «Թիակօ Ալքանթարա Պիտի Չմասնակցի 2014-ի Մոնտիալին»

1505alcantaraԻր լուրը քաղելով սպանական «Մարքա» պարբերաթերթէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ պրազիլցի Թիակօ Ալքանթարա պիտի չմասնակցի 2014-ի Մոնտիալին` նկատի ունենալով, որ նախորդ ապրիլին ստացած վնասուածքը դարձեալ անոր բարդոյթներ բացած է:

Կը նշուի, որ շատ հաւանաբար Սպանիոյ մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ Ալքանթարան փոխարինէ կա՛մ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Իսքոյով եւ կա՛մ Աթլեթիքոյի Անտեր Իրերայով:

Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանի աւարտէն ետք Ալքանթարա Պարսելոնայէն տեղափոխուեցաւ Պայէրն Միւնիխ, որպէսզի իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայանալով առիթը ունենայ Սպանիոյ հետ (որովհետեւ ան Սպանիան նախընտրեց Պրազիլի փոխարէն) մասնակցիլ 2014-ի Մոնտիալին:

Share this Article
CATEGORIES