Ա. Սէ. Միլան Իր Հիմնական Կազմին Միացուց 15 Տարեկան Յառաջապահ Մը

milan-15-years-old«Սերի Ա.»-ի կազմերէն Ա. Սէ. Միլան կրտսերներու իր կազմէն իր հիմնական խումբին միացուց 15 տարեկան յառաջապահ Հաշեմ Մասթուրը: Ան շատ հաւանաբար նոյնիսկ իր մասնակցութիւնը բերէ այս շաբաթավերջին Սասուոլոյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:

Եթէ ասիկա տեղի ունենայ, ան պիտի դառնայ Ա. Սէ. Միլանի պատմութեան մէջ տարիքով ամէնէն փոքր ֆութպոլիստը, որ կ՛ընդգրկուի հիմնական կազմին մէջ:

Մրցանիշը կը պատկանի Փաուլօ Մալտինիի, որ դաշտ ներկայացաւ, երբ 16 տարեկան էր եւ 208 օրուան:

Ա. Սէ. Միլանի փոխնախագահ Ատրիանօ Կալիանի նշեց, որ Մասթուր յառաջիկայ տարեշրջանին հիմնական կազմին մէջ պէտք է ըլլայ:

Նշենք, որ Ա. Սէ. Միլան Մասթուրը ձեռք ձգեց Ռեճինայէն` անոր փոխանցման համար վճարելով 600 հազար եւրօ:

Share this Article
CATEGORIES