Շուշիի Ազատագրութեան Ռազմավարական Կարեւորութիւնը` Անցեալը, Ներկան Եւ Ապագան

ԵՂԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ

«Շուշին հայկական էր…
Շուշին նորից հայկական է»

Այսպէս տարածուեցաւ լուրը Շուշիի ազատագրութեան, կայծակի արագութեամբ արդէն իսկ արձագանգած էր շրջանային եւ նոյնիսկ թրքական մամուլը: Յստակ էր` Ազրպէյճան կորսնցուցած էր պատերազմը եւ Ստեփանակերտը`փրկուած:

Ռազմավարական նշանակութիւն

Շուշիի ազատագրման գործողութեան ծրագիրի մշակումը կազմուեցաւ մարտ-ապրիլ ամիսներուն, հետախուզական խումբերու կողմէ հակառակորդի ուժերու տեղակայման եւ քանակական տուեալները ճշդելէ ետք: Յարձակման ճակատային գիծը շուրջ 25 քմ էր: Հակառակորդը հայկական կողմէն կը գերազանցէր մարդկային ուժով եւ սպառազինութեամբ: Մայիս 8-ին շուրջ 1200 մարտիկներ անցան յարձակողականի, իսկ ազերի զինեալները անակնկալի եկած` փոքր դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ լքեցին իրենց դիրքերը: Շուշին դարձեալ հայկական էր:

Շուշիի ազատագրումը պատմական անհրաժեշտութիւն էր` վերականգնելու հայկական պատմական հողի վրայ հայերու ապրելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ` ամրապնդելու հայկական յաղթական մարտական ոգին: Այսպիսով, արցախեան մարտական շարժումը ԼՂՀ անկախութիւնը դարձուց աւելի իրական: Շուշիի ազատագրումը նաեւ տնտեսական անհրաժեշտութիւն էր. ցամաքային եւ օդային ճանապարհներու շրջափակման, ջուրի պակասի եւ Շուշիէն անընդհատ հրթիռակոծութիւններու պատճառով Ստեփանակերտի եւ մօտակայ շրջաններու մէջ տնտեսութիւնը վատ վիճակի մէջ էր: Հետեւաբար Շուշիի ազատագրութեամբ ամէն ինչ պիտի փոխուէր: Շուշիի ազատագրումով Ստեփանակերտի բնակիչները շունչ առին, եւ օրեր ետք արդէն շրջանի ազերիական զինուորական բոլոր կեդրոնները ոչնչացան: Շուշիի ազատագրման ժամանակ հայկական կողմը կ՛ունենայ  57 զոհ. թշնամին` 250-300, 600-700 վիրաւոր եւ 13 գերի: Շուշիի ազատագրման յաջորդեց Լաչինի միջանցքի բացման ռազմագործողութիւնը, որ ճեղքեց ԼՂՀ-ի շրջափակման օղակը` սահման ունենալով Հայաստանի հետ:

Շուշիի ռազմական գործողութեան փայլուն աւարտը, մանաւանդ կորուստներու եւ տեւողութեան նուազագոյն չափը, որ ստացաւ ռազմարուեստի մասնագէտներու հիացումը, առաջին հերթին հայ մարտիկներու խիզախութեան եւ լաւ կազմակերպման արդիւնքն էր:Այսպիսով, հայ ազատամարտիկները միայն երկու օրուան մէջ կրցան կոտրել թշնամիին դիմադրութիւնը եւ ազատագրել ռազմավարական առումով կարեւոր Շուշի քաղաքը:

Ներկայ իրավիճակ, հայեացք դէպի ապագայ

Այս յաղթանակը ունեցաւ համահայկական մեծ նշանակութիւն: Ան առիթ տուաւ մեզի` խորհելու ազգային շահերու, միասնականութեան մասին, վերադարձուց կամքի ազատ արտայայտման ու ինքնորոշման իրաւունքները պաշտպանելու հնարաւորութեան հաւատքը: Շուշիի յաղթանակը համաշխարհային հասարակութեան համար նոյնպէս բացայայտեց արցախեան հիմնահարցի նպատակներու եւ խնդիրներու ողջ լրջութիւնը:

Այսօր, երբ արցախեան զինեալ պայքարը առժամեայ դադրած է, հսկայ դիւանագիտական պայքար կը տարուի այս նպատակին շուրջ, շաբաթ մը առաջ արդեն իսկ Քալիֆորնիոյ նահանգը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը, եւ այս քայլը պէտք է քաջալերէ այլ նահանգներ եւ երկիրներ` ճանչնալու ԼՂ Հանրապերտութիւնը: Այս մէկը առիթ կ՛ընծայէ Արցախին, որ տնտեսական կապեր հաստատէ այլ երկիրներու հետ, աստիճանաբար կը նուազի արտագաղթը եւ հսկայական ներդրում կատարուի երկրին մէջ: Աւելի՛ն. զարգացնելով դիւանագիտական յարաբերութիւնները` Արցախը պիտի վայելէ շատ մը երկիրներու դիւանագիտական աջակցութիւնը համաշխարհային գետնի վրայ, հոս անշուշտ հայկական սփիւռքը շատ ընելիք ունի: Հետեւաբար, եթէ կ’ուզենք վերահաստատել Շուշիի յաղթանակը, պէտք է որ ոչ միայն հպարտանանք այդ յաղթանակով, այլ աշխատինք հայրենիքի հզօրացման համար… թշնամին մեր սահմաններուն մօտ է… միշտ պէտք է պատրաստ ըլլանք ոտնձգութիւններու եւ հաւատանք մեր միասնական ուժին:

Յաղթանակը մերն է…

 

 

Share this Article
CATEGORIES