«Ով Տիրում Է Շուշիին, Նա Տիրում Է Արցախին»

ՍԱԳՕ ԽԱԼՈՅԵԱՆ

Կրկին ամպոտած էր երկինքը հայ աշխարհի, անգամ մը եւս մահուան սուր ճանկերը կը հարուածէին: Թշնամին կը կարծէր, թէ պատենազուրկ էր մեր հայրենիքը եւ նկրտեցաւ ներխուժել մեր արցախեան հողերը, սակայն ան մոռցած էր հայուն առհաւութիւնը, հայուն ազատութեան սիրոյն պայքարը, վրիժառու բազուկը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

22 տարիներ անցան այն օրէն, երբ անգամ մը եւս ծածանեցաւ եռագոյնը Շուշիի մէջ: Շուշիի ազատագրումը առաջին նշանակալից յաղթանակ էր արցախեան ազատամարտերուն` վերականգնելու համար մեր ազատ ապրելու իրաւունքը, անխախտելի իրաւունքը մեր գոյատեւութեան, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու մարտերու դաշտին վրայ մեր բանակին յաղթական ոգին: Այս յաղթանակով արցախեան շարժումը նուաճեց որակական նոր հանգրուան, վճռական բեկում մտցուց պատերազմի հոլովոյթին մէջ եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը դարձուց աւելի քան իրական:

Անգամ մը եւս հայ ազգը կանչած էր իր որդիները` տէր կանգնելու իր սուրբ հայրենիքին: Անգամ մը եւս քաջ ֆետային չտատամսեցաւ ընդառաջել հողին կանչին, հայրենիքի ազատագրումը իր աչքին առջեւ առած` մղուեցաւ կռուի դաշտ, իրարու խառնելով կեանքն ու մահը եւ իր արեամբ յագեցուց կանաչ հողը արցախեան: Հարիւրաւոր երիտասարդներ լքելով իրենց հանգիստ ու խաղաղ կեանքը` անտարբեր չկեցան եւ ուղղուեցան դէպի հայութեան սիրտը` Ղարաբաղ:

Արցախի լերան լանջը զարդարած կարմիր կակաչները ապացոյցերն են մեր երկաթեայ յաղթական կամքին, անոնց արդիւնքն էր մեր ազատութիւնը, իրենք ինկան, բայց յաւիտեան կը մնան մեր սրտերուն մեջ: Աշխարհի 8-րդ հրաշալիքն է հայուն կեանքին կապուած զօրութիւնը: Կառչած կը մնանք կեանքին, քանզի այսպէս սորվեցանք մեր պապերէն, իսկ ամէնէն կարեւորը ոչ թէ լոկ ապրելու սիրոյն ապրիլ, այլ` ազատ: «Ազատութիւն կամ մահ» պարզապէս խօսք մը չէր, այլ դարձաւ ուղեցոյցը հայ մարտիկին` ապահովելու իր ազգին ազատութիւնը, որուն գինը միշտ եղած է սուղ` արեան գնով:

22 տարիներ առաջ Արցախի ազատամարտիկները սկսան սխրալից իրենց յաղթարշաւին, ու մեր ազգային հպարտութեան ներշնչման աղբիւրը դարձան 8-9 մայիսին` ազատագրելով պատմական մեր հայրենիքի մէկ բեկորը` Շուշին: Փառք ու պատիւ` մեր նահատակներուն: Ամէնէն գեղեցիկ երգերը գրեցիք ձեր հրացաններով, ամէնէն անուշ երաժշտութիւնը նուագեցիք ձեր ատրճանակներով, իսկ ամէնէն հրաշալի պատկերը գծեցիք, երբ եռագոյնը բարձրացուցիք Շուշիի երկինքը:

«Յիշէ զանոնք, որ գերեզմանին մէջ ննջելով սուրն իրենց գլխուն ներքեւը դրին: Քաջաց բարձն է սուրը», Գարեգին Նժդեհ:

Կեանքի մէջ իսկական պայքարը դիրքի մը հասնիլը չէ, այլ այդ դիրքին վրայ մնալ ու պահպանելն է: Այո՛, մեր հերոսները կարողացան վերադարձնել Շուշին հայրենիքի ծոցը, այստեղ մեզմէ պահանջուած է պահպանել այս ձեռք ձգուած ազատութիւնը Շուշիի: Այս օրերուն մեզմէ կը խնդրուի, որ նախ զօրաւոր աշխատանք տանինք լրատուական միջոցներով, համացանց, թերթեր եւ այլն: Կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս թշնամին կը փորձէ թրքացնել մեր արցախեան հողերը սուտ տեղեկութիւններով ու կը փորձէ համոզել աշխարհը, թէ հայերն են, որ բռնագրաւած են այս հողերը: Ներկայիս ամէնէն դժուար ու զօրաւոր պատերազմն է համացանցինը: Հոս մեզմէ հսկայական աշխատանք կը պահանջուի, բայց եւ այնպէս, եթէ հարկ ըլլայ կրկին հրացան վերցնել, մեր խիզախ երիտասարդները անգամ մը եւս պատրաստ են լսելու հողին կանչը:

Անցեալի թշնամին ու ներկայինը նոյն վատ կաղապարէն շինուած են: Այս բարբարոս թրքացեղը տակաւին չէ կրցած մարդանալ, ոչ ալ կրնայ յաջողիլ: Կը փորձէ հագուիլ մարդկութեան տարազը, սակայն, ըստ երեւոյթին, իր չափը գոյութիւն չունի: Նոյն վայրագութիւնը այս ցեղին կը տեսնենք կրկին այս օրերուն Սուրիոյ մէջ: Ազերի «կամաւոր» խմբակներ, թուրք սպաներ, որոնք «կամաւորաբար» կը մարզեն այս վայրի հրէշները ու կը ղրկեն հայաշատ բնակուած քաղաքներ` Քեսապ, Գամիշլի, Հալէպ եւ ուր որ հայ գոյութիւն ունի: Կը փորձեն ենթարկել մեզ երկրորդ ցեղասպանութեան, կրկին կը վտանգեն մեր գոյութիւնը: Ան շատ լաւ գիտէ սփիւռքին զօրութիւնը եւ կարեւորութիւնը, այդ պատճառով է, որ կը փորձէ ամէն գնով տկարացնել մեզ: Արցախի ազատագրումը, Սպիտակի երկրաշարժը եւ ամէնէն նորը` հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութեան ընթացքին սփիւռքին հանած աղմուկը ապացոյցեր էին հզօրութեան, եւ թէ` մենք իսկապէս կարող ենք կշիռքին կողմը որոշել:

Ուր որ հայ գոյութիւն ունէր, կերտուեցաւ ու շքեղացաւ, անշուշտ հայուն ինքնաշխատութեամբ, քանզի մենք չենք եղած ազգ մը, որ ձեռքերնիս ուրիշին երկնցուցած ու իր օգնութիւնը սպասած ենք: Այլ խօսքով, օտարասէր չենք եղած:

Դառնալով մեր ներկայ պարտականութիւններուն` շատ անհրաժեշտ է հիմա պահպանել մեր հայաբնակ շրջանները ըլլա՛յ Արցախի մէջ եւ մանաւանդ Սուրիոյ պարագային: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նախօրեակին մենք պէտք չէ թոյլ տանք թուրքին` մեզմէ քայլ մը առաջ ըլլալու: Մոռնանք մեր տարբերութիւնները եւ ըլլանք մէկ կամք, մէկ բազուկ` հարուածելու մեր թշնամին, եւ ունենանք մեր մեծ յաղթանակը:

«Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»:

 

Share this Article
CATEGORIES