Տոլարը Եւ Լիբանանը
ԱՐԱ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք , երկրին տնտեսութիւնը վստահաբար կը գտնուէր իր ամէնէն վատ վիճակին մէջ: Աշխատանք տարուեցաւ մանաւանդ շինարարական մարզին մէջ, որպէսզի երկիրը վերականգնի եւ վերակառուցուի: Այս ծրագիրը լաւ մշակելու համար ծնունդ առաւ նոր դրամավարկային քաղաքականութիւն մը, որ նպատակ ունէր ամերիկեան տոլարի գործածութիւնը լիբանանեան թղթոսկիին կողքին:
Բայց ինչո՞ւ տոլարը եւ ոչ` այլ դրամանիշ մը…
– 1990-ի սկիզբը Խորհրդային Միութիւնը արդէն իսկ պարտուած էր Պաղ պատերազմը եւ Միացեալ Նահանգներ կը հանդիսանային աշխարհի միակ ուժը, ուրեմն իրենց դրամը վստահաբար պիտի ըլլար աշխարհի լաւագոյնը:
– Լիբանանի տնտեսութիւնը հիմնուած է մասնաւորաբար ծառայութիւններու մարզին վրայ եւ կ՛ապահովէ 70 տոկոսով ընդհանուր ազգային եկամուտը:
– Ներածումը Լիբանանի տնտեսութեան մէջ ունի կարեւոր դեր, ուրեմն այս գործողութիւնները պէտք է, որ կատարուէին օտար դրամանիշով:
Առաւելութիւնները
– Շնորհիւ տոլարին` լիբանանցիները իրենց դրամները հայրենիք վերադարձուցին:
– Բազմացան օտար հաստատութիւնները Լիբանանի մէջ եւ թափ տրուեցաւ օտարերկրեայ ներդումներու: – Լիբանանեան դրամատուները արժանացան համաշխարհային դրամատուներու համակարգին:
Թերութիւնները
– Սղութիւն եւ գիներու ահաւոր բարձրացում: Կորսնցել մայր դրամին ինքնիշխանութիւնը:
– Բարձր տոկոսներ` կուտակուած պարտքերուն վրայ:
Մինչեւ այսօր Լիբանան կը շարունակէ իր դրամանիշի կողքին օգտագործել տոլարը: Լիբանանը աշխարհի այն քիչ երկիրներէն է, ուր կարելի է որեւէ տեղ եւ որեւէ ատեն գործածել տոլարը` իբրեւ մայր դրամանիշ :
Լիբանանի կառավարութիւնը եւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը համագործակցաբար կը փորձեն միշտ լիբանանեան թղթոսկիին եւ ամերիկեան տոլարին տարբերութիւնը պահել նոյնը:
Լիբանան այսօր իր տնտեսութեամբ այդքան ալ փայլուն վիճակի մը մէջ չի գտնուիր, բայց վստահ ըլլանք, որ տոլարն է, որ այսքան տարիներէ ի վեր պահած է Լիբանանը` ներշնչելով լիբանանցիներուն հաւատք դէպի խաղաղ եւ կայուն տնտեսութիւն մը:
Բայց ի՞նչ կը սպասուի Լիբանանի կառավարութենէն յաջորդ տարիներուն:
– Շարունակել պահել, լիբանանեան դրամի կողքին, տոլարը, որովհետեւ այսպիսով Լիբանան պիտի մնայ իւրայատուկ երկիր մը Միջին Արեւելքի մէջ, ուր կարելի է առանց որեւէ դրամական փոխարինութեան կատարել առեւտուր:
– Փորձել նուազեցնել տարիներով կուտակուած պարտքերը (բան մը, որ պէտք է կատարուի օտար կամ աւելի ճիշդը` համաշխարհային դրամանիշով մը, մեր պարագային տոլարը):
– Դրամատուներուն ստիպել, որ բարձր տոկոսներ վերադարձնեն լիբանանեան թղթոսկիին դիմաց, բան մը, որ պիտի քաջալերէ երկրին մայր դրամը:

