Հայ Հոգիի Կազմութիւնն Ու Կարեւորութիւնը

ԲԱԼԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ         

Հայ հոգին կը ծագի իր նախնական, պարզագոյն սակայն արմատական բնոյթով հայ ըտանիքին մէջ: Ստանալով մօր գուրգուրանքն ու հօր պաշտպանողական հանդարտեցուցիչ խնամքը` հայ երեխային համար բնական երեւոյթ մը կը դառնայ այս ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը: Սակայն հայ դպրոցը,մշակութային կեդրոններն ու հայկական կառոյցները հայ հոգիի կազմութեան ու աճման  համար որքա՞ն կարեւորութիւն ունին:

Հոս մեր աչքին առջեւ կու գան այն նորածիններն ու մանուկները որոնք եռագոյնը իրենց ճակտին կապած, հօր ուսերուն նստած` ականատես կ՛ըլլան քայլարշաւներու եւ հայկական հաւաքոյթներու մթնոլորտին: Սակայն ապագայ հայ երիտասարդներուն քանի՞ն պիտի կանգնին իբրեւ ազգի պաշտպաններ եւ հայութեան նեցուկ: Ծանրակշիռ դերը կ՛իյնայ հայ դպրոցներուն վրայ: Անցընելով իր օրուան կէսէն աւելի այդ մթնոլորտին մէջ,  հայ աշակերտին միտքը կը լուսաւորուի`  սորվելով ներկայի եւ անցեալին դէմքերուն ու դէպքերուն մասին, ճամբան բանալով ապագայի մտածումներուն: Իսկ ի՞նչ է մեր ըսելիքը այն հայերուն որոնք կա՛մ չհաւնելով հայկական մեր դպրոցները, կա՛մ ալ անտարբեր գտնուելով այս նիւթին վերաբերմամբ, կը ղրկեն իրենց զաւակները դէպի օտար դպրոցներ, իբր թէ աւելի բարձր մակարդակի ուսում ստանալու համար: Հարկաւոր է յիշել թէ այդ մանուկը իր կամքով չէ, որ որոշեց ոչ հայկական դպրոց յաճախել, այլ պարզապէս հետեւեցաւ իր ծնողքին: Սխա՛լ է այպանելը անոնք,  որոնք օտար դպրոցներ յաճախած են: Դատապարտելիները ծնողներն են:

Հսկայական ու շատ տխուր տարբերութիւն մը ներկայացած է մեր առջեւ այսօր, ուր ամենայն պարզութեամբ եւ քանի մը վայրկեանի խօսակցութեամբ կարելի է զանազանել հայկական դպրոց յաճախող աշակերտը օտար դպրոց յաճախողէն: Ասկէ աւելի պարզ ձեւը կ՛ըլլայ հայերէն տառերով պատգամ մը ուղղելը անձին հեռախօսին ու քննել անոր վերաբերմունքը. եթէ ան կարող է նախապէս կարդալ գիրերը, երեսը չծռել, չխնդալ ղրկողին «հնամիտ» կամ «յետամնաց» ըլլալուն վրայ ու ապա պատասխանը գրել շատ հաւանաբար լատինատառ «հայերէնով»:

Դպրոցական տարիներու վերջաւորութեան է, որ հայ երիտասարդական միութիւնները իրենց գործը կը կեդրոնացնեն հայ աշակերտներուն ու պատանիներուն վրայ, այն յոյսով, որ իրենց աշխատանքի հունձքը պիտի ըլլայ քանի մը տարի ետք միութեանց ու ակումբներու աշխատանքներուն մէջ: Հոս է, որ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս հայ երիտասարդներ առաջին անգամ ըլլալով ճիգ կը թափեն գործ տեսնելու կամ իրենց նախնիներուն պէս ըլլալու: Միւս կողմէ ալ անոնք, որոնք ապարդիւն փորձեր կ՛ընեն կարդալու հայերէնով գրուածները: Այսպիսով է, որ հայ պատանիին հոգին ա՛լ աւելի կը լեցուի հայ պատկանելիութեամբ` կապելով զինք իր ազգին: Այս զգացումն ու մտածելակերպն է, որ հայ ուսանողին կ՛ընկերակցի իր համալսարանական տարիներուն ընթացքին: Միւս կողմէ ալ կը նշմարենք անտարբեր ու օտարամոլ մեր հայորդիներու թիւի աճը…

Եւ այսպիսով, 99 տարի ետք մենք ենք, որ կը զգանք ու կը սգանք այս իրականութիւնը` օրէ օր ստանալով տարբեր տեսակի հարուածներ, կորսնցնելով նախ մարդուժ, եւ ապա` գալիք տարիներու կարող ղեկավարներ:

Ներկայիս յստակացած իրականութիւնն է, որ մեզ կը մտահոգէ իբրեւ ապագայ հայ սերունդ: Սերունդ մը, որ կարողացաւ իր «ՈՉ»-ով փրկել Հայաստանը,որուն մեծ եղբայրներն էին երէկուան Արցախի ազատամարտիկները: Սերունդ մը, որուն միտքը զբաղած է ներկայիս մէջտեղ եկած մարզական խաղերով, որոնք նոյնիսկ մինչեւ կռուի կը տանին մարդիկը, սակայն զարմանալիօրէն նուազագոյն կարեւորութիւն ալ չի տրուիր մեր երիտասարդութեան այն կէսին, որոնք իբրեւ օտարներ կը մեծնան մեր աչքերուն առջեւ: Երիտասարդութիւնը կայ, հայկական դպրոցներն ա՛լ կան, օտար միութեանց եւ շրջանակներու հրամցուցածէն ալ աւելի պատուաւոր եւ որակաւոր հայկական հոգին ալ կայ… Սակայն մեր լումաները սխալ ձեւով կ՛օգտագործուին:

Հայ ըլլալը միայն ապրիլեան քայլարշաւին քալելով կամ մարզական խաղերը քաջալերելով չէ՛ :Ո՞ւր է մեր հայկական ոգին, երբ կարգը գայ հայ մշակոյթը պահպանելու, Հայաստանի ներկայ իրավիճակով հետաքրքրուելու, գաղութի դժուարութիւններուն լուծում որոնելու… Ինչո՞ւ արդեօք մեզմէ շատեր յատուկ կէտեր զատելով եւ միայն զանոնք գործադրելով է, որ իրենց հայ ըլլալը կը կեղծեն…

Share this Article
CATEGORIES