Ուսանողական Տեղեկատու

IMG-20140515-WA0002Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպուեցան Լիբանանի տարածքին գտնուող զանազան համալսարաններու մէջ: Ստորեւ կը ներկայացուի հայ ուսանողութեան գործունէութեան ամփոփ տեղեկատու մը.

Հայկազեան համալսարանին մէջ, հինգշաբթի 17 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական ժապաւէնի  ցուցադրութիւնը: 19 ապրիլին, կազմակերպութեամբ Հայկական աւանդներ ակումբին, համալսարանի ուսանողները Պիքֆայա այցելեցին եւ Ապրիլեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղեցին: 23 ապրիլին համալսարանին մէջ Քաթիա Փելթեքեան համալսարանին ուսանողութեան դասախօսեց: 25 ապրիլին համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ շրջաններու ծանօթացման ձեռնարկ: Կազմակերպութեամբ Հայկական աւանդներու ակումբին եւ Երաժշտական ակումբներուն, 29 ապրիլին տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ:

«Էլ.Այ.Եու.» համալսարանին Ժտէյտիի մասնաճիւղին մէջ 23 ապրիլին տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ, ուր դասախօսեց Վերա Եագուպեան:

«Էլ.Էյ.Եու» Ժիպէյլ մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ «Արարատ» ֆիլմի ցուցադրութիւն, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէս:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ 15 ապրիլին տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ մասնակցութեամբ «Կարապալա» խումբին: 17 ապրիլին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որուն զրուցաբերներն էին դոկտորներ Պիլկին Այաթա եւ Տիգրան Խալիկեան: 18 ապրիլին Խալիկեան «Փիւնիկ» սրահին մէջ դասախօսեց հանրութեան :

«Էլ.Էյ.Եու» ՊԷյրութի մասնաճիւղին մէջ մայիս 9-ին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մ`ը դոկտ. Սէլիմ Տէրնկիլի մասնակցութեամբ: Մայիս 5-9 ՀՄԸՄ-ի սկաուտները իրենց ձեռայինները տեղադրեցին  համալսարանին մէջ, որպէս բաց ցուցադրութիւն: Համալսարանին գրադարանին ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական իրերու ցուցադրութիւն:

«Էն.Տի.Եու.» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ, որուն հիւրն էր դերասան Փիեռ Շամմասեան: Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական  յայտագիր, մոմավառութիւն, ցուցահանդէս եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւ տանող կարգախօսներով վերնաշապիկի բաշխում:

Share this Article
CATEGORIES