ԶՈՄ-ի Տեղեկատու

ZOM-deghegadou– Այս տարի ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր» գործուղումներու 10-ամեակն է: Այս առիթով, աշխատանքի ծիրը ա՛լ աւելի լայն պիտի ըլլայ, եւ մէկէ աւելի պատանեկան ճամբարներ պիտի կազմակերպուին յուլիս ամսուան ընթացքին թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի մէջ:

– Զաւարեան ուսանողական միութեան յարաբերական յանձնախումբի աշխատանքներուն ծիրին մէջ ծանօթացման հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ուսանողական թեւի ներկայացուցիչներուն հետ, Սայֆի «Պէյթ Քեթեիպին»-ին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր, ինչպէս` համալսարաններուն մէջ գործակցութեան առիթներ, միջազգային ուսանողական սեմինարներ, Ցեղասպանութեան 99-ամեակի ձեռնարկներ եւ Քեսապի դէպքերուն` Թուրքիոյ մասնակցութիւն:

– Չորեքշաբթի ապրիլ 23-ի մոմարշաւին մասնակցեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան, Մարատա հոսանքի, Ազատ հոսանքի, Ահրար կուսակցութեան, Հըզպալլա կուսակցութեան, Ամալ հոսանքի, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Ղովմի կուսակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական թեւերէն ներկայացուցիչներ եւ անդամներ: Մասնակիցները ընդառաջելով Զաւարեան ուսանողական միութեան յարաբերական յանձնախումբին հրաւէրին զօրակցութիւն յայտնեցին սոյն նախաձեռնութեան` դատապարտելով ցեղասպան թուրքին արարքները:

Share this Article
CATEGORIES