«Զօրեան» Հիմնարկի Նախագահը Պատասխանած Է Վարչապետ Էրտողանին

Թորոնթոյի «Զօրեան» հիմնարկի նախագահ Գուրգէն Սարգիսեան բաց նամակ յղած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ էրտողանին` ի պատասխան վերջինիս` «1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ» 23 ապրիլի ուղերձին: Նամակը թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ:

Վարչապետ Էրտողան,

Ապրիլի 23-ի ձեր պաշտօնական յայտարարութիւնը, որ կը ճանչնայ, թէ ապրիլ 24-ը «յատուկ նշանակութիւն ունի մեր (Թուրքիոյ) հայ քաղաքացիներուն եւ աշխարհի տարածքին բոլոր հայերուն համար» եւ ձեր ցաւակցական ուղերձը` «քսաներորդ դարու սկիզբը իրենց կեանքերը կորսնցուցած հայերուն հոգիներուն խաղաղութիւն կը մաղթենք, եւ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոնց թոռներուն», աննախընթաց քայլ է թրքական կառավարութեան կողմէ եւ պէտք է ճանչցուի իբրեւ այդպիսին:

Մինչդեռ, պարոն վարչապետ, մենք չենք կրնար այդտեղ կանգ առնել, քանի որ ձեր ցաւակցութեան անկեղծութիւնը հիմնովին կը խախտի նամակին մնացած մասին մէջ տեղ գտած բովանդակութեամբ: Թոյլ տուէք տալ քանի մը օրինակ:

1. Դուք կը սկսիք անով, որ` կ’ըսէք, թէ այս առիթը «պատմական հարցին շուրջ ազատօրէն կարծիքներ փոխանակելու արժէքաւոր կարելիութիւն է»: Պատմական հարցերուն վերաբերեալ կարծիքները կրնան իրաւական տեսանկիւնէ տարբերիլ, սակայն կարծիքները պէտք է հիմնուած ըլլան փաստերու վրայ: Այն պարագային, երբ առկայ է անհերքելի վկայութիւն (նաեւ` թրքական արխիւներէն) այն մասին, որ 1915-ի իրադարձութիւններուն մէջ ցեղասպանութեան մտադրութիւն կար, ձեր անկեղծութեան նկատմամբ վստահութիւնը հիմնովին կը խախտի, երբ դուք կ’օգտագործէք «տեղահանութիւններ» մեղմասացութիւնը իսկութեան մէջ տեղի ունեցած տառապալի մահուան կարաւաններուն փոխարէն: Ատիկա պետական համակարգին կողմէ օսմանեան Թուրքիոյ 1,5 միլիոն հայ քաղաքացիներուն նկատմամբ ծրագրուած եւ իրականացած սպանդ էր, եւ մնացեալ 2,5 միլիոն հայերու տեղահանութիւն` ամբողջ ազգը բնաջնջելու մտադրութեամբ: Ասիկա պատմական կարծիքներու հարց չէ, ասիկա իրականութիւն է, զոր պէտք է կիսենք: Ենթադրաբար, ա՛յս պէտք է ըլլար, նախ եւ առաջ ձեր ցաւակցական նամակին պատճառը:

2. Դուք կը նշէք, որ` «Թուրքիոյ մէջ 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ տարբեր կարծիքներ ու գաղափարներ արտայայտելը բազմակարծական տեսադաշտի մը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան մշակոյթի եւ արդիականութեան համար կենսական է»: Այս վեհ գաղափարը կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, որ դուք լայնախոհ էք եւ կարեւոր կը նկատէք ճշմարտութիւնը, երբ իսկութեան մէջ ատիկա կ’օգտագործուի իբրեւ Տրովադայի ձի եւ քաղաքական աղաղակող խորամանկութիւն` հանրութեան ուղեղներուն հետ խաղալու համար: Ձեր վարչապետութեան ընթացքին բազմաթիւ գիտնականներ, լրագրողներ եւ մտաւորականներ հետապնդուած են, բանտարկուած եւ նոյնիսկ սպաննուած` 1915-ի դէպքերուն առնչութեամբ ձեր պետական դիրքորոշումէն տարբեր կարծիք ունենալու համար:

3. Ճիշդ է, որ «անհերքելի է այն, թէ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիները դժուար ժամանակաշրջան էին` լի տառապանքներով օսմանեան միլիոնաւոր քաղաքացիներու համար` անկախ անոնց կրօնական կամ ազգային պատկանելիութենէն»: Ձեր արտաքին գործոց նախարարը` Ահմեթ Տաւութօղլուն ատոր կ’անդրադառնայ «Տը Կարտիըն»-ի մէջ ստորագրած իր հրապարակախօսական յօդուածին մէջ` աջակցութիւն յայտնելով ձեր ցաւակցական ուղերձին:

«Պալքաններու մէջ տեղի ունեցած ցեղային մաքրագործումները միլիոնաւոր մարդիկ քշեցին դէպի արեւելք` փոխելով Անատոլուի ժողովրդագրական պատկերը… Պալքաններու, Կովկասի եւ Անատոլուի մէջ  շուրջ 5 միլիոն օսմանցի քաղաքացիներ տեղահանուեցան իրենց պապենական տուներէն: Արեւմտեան պատմութեան մեծ մասը կը ներկայացնէ տեղահանուած եւ սպաննուած օսմանցի քրիստոնեաներուն տառապանքները, մինչդեռ օսմանցի իսլամներուն ահաւոր տառապանքին մասին Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս մեծապէս տեղեկացուածութիւն չկայ»:

Կրնանք հասկնալ եւ կարեկցանքով կիսել ցաւը այն բոլոր իսլամներուն, որոնք հարկադրաբար տեղահանուած էին Պալքաններէն, Կովկասէն եւ Խրիմէն: Մենք այդ ցաւը մեր կաշիին վրայ զգացած ենք: Ես զաւակն եմ երկու հայերու, որոնք 1915 թուականին որբացած էին Անատոլուի Ուրֆա քաղաքին մէջ, եւ որոնք տեղահանուած էին իրենց ամբողջ ընտանիքը կորսնցնելէ ետք: «Զօրեան» հիմնարկին մէջ շատերը, ինչպէս նաեւ հայերուն մեծամասնութիւնը, նոյնպէս ունին այս անձնական փորձառութիւնը: Մենք լաւապէս գիտենք պապենական հայրենիքէն արմատախիլ ըլլալու եւ տարբեր երկիրներու մէջ իբրեւ գաղթական մեծնալու ցաւը, երկիրներ, որոնցմէ ո՛չ մէկը կը փոխարինէ մեր երբեմնի տունը, ո՛չ ալ կ’արտօնէ շարունակականութիւնը մեր պաշտելի պատմութեան եւ մշակոյթին:

Սակայն, պարոն Էրտողան, դուք կը խօսիք տառապանքի մասին` անտեսելով այն, թէ ինչպէ՛ս յառաջացած է այդ ցաւը: Դուք կը մէկտեղէք միլիոնաւոր մահերը` առանց տարանջատելու այդ մահերուն պատճառները` անոնք, որոնք բնաջնջման թիրախ դարձած էին եւ անոնք, որոնք մահացած էին պատերազմի պատճառով: Օրինակ` Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին  աւելի մեծ թիւով գերմանացիներ մահացած էին, քան հրեաներ, սակայն երկուքին մահուան պատճառը եւ իմաստը կը տարբերին, ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան հայերու պարագային: Համաձայն ենք, որ ոչ ոք պէտք է փորձէ կերտել ցաւի նուիրապետութիւն: Այսուհանդերձ, օսմանցի իսլամներուն ցաւը մեր հայրերն ու պապերը չէին պատճառած, մինչդեռ 1915-ին 2,5 միլիոն հայերու ծրագրուած ոչնչացման ցաւին պատճառը ձեր պապերն էին:

Ցեղասպանութեան ուրացումը կը ներառէ չորս ուղղութիւններ` փաստերու ժխտում, պատասխանատուութիւն, դէպքերը այլ անունով կոչել ու յարաբերականացում: Ձեր նամակին մէջ առկայ են չորսն ալ: Մինչեւ դուք եւ ձեր թրքական պետութիւնը անկեղծօրէն ներում չհայցէ ձեր նախնիներուն գործողութիւններուն հետեւանքներուն համար, հայերուն ուղղուած ձեր ցաւակցութիւնը կ’ընկալուի իբրեւ կեղծաւոր եւ լաւ մշակուած հնարք` նպատակին հասնելու համար:

Այսօր ապրող ոչ մէկ թուրք կրնայ պատասխանատու ըլլալ օսմանեան վարչակարգին օրով կատարուած ցեղասպանութեան յանցագործութեան համար: Այսուհանդերձ, ձեր երկիրն ու ձեր կառավարութիւնը պատասխանատու են թշնամութեան եւ շարունակուող ժխտման համար, որ կը սաստկացնէ ու կը յաւերժացնէ հայերուն ցաւը եւ ինքնին ոճիրին շարունակութիւնը կը նկատուի: Կը հաւատանք, որ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը պիտի գիրկընդխառնուէր Թուրքիոյ ժողովուրդին հետ, եթէ թրքական կառավարութիւնը ստանձնէր իր իրաւանախորդ Օսմանեան կայսրութեան համար պատասխանատուութիւնը` իր հայ քաղաքացիներու ծրագրուած բնաջնջման համար, եթէ անկեղծ ներողութիւն խնդրէր եւ հատուցման ուղղութեամբ համապատասխան ջանքեր գործադրէր: Ատիկա վստահութիւն պիտի ստեղծէր կողմերուն միջեւ եւ առիթ պիտի տար, որ ճամբայ հարթուի բուժման եւ ներման հոլովոյթին, որ պիտի առաջնորդէ մտահոգութիւններու իսկական թօթափման: Մենք կ’օգտուինք այս առիթէն, որպէսզի մեր խորին ցաւակցութիւնը յղենք բոլոր այն առաքինի իսլամներուն` թուրքերու, քիւրտերու եւ արաբներու ընտանիքներուն, որոնք այդ ժամանակաշրջանին վտանգած են իրենց կեանքը հայերը փրկելու համար:

1915-ի իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու նպատակով պատմական միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու ձեր կոչը լոկ քարոզչական հնարք է: Յիշեցէք, խնդրեմ, որ 2003-ին Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնախումբը դիմած էր անցման Արդարադատութեան փոխանցման միջազգային կեդրոնին` ուսումնասիրելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Կեդրոնի եզրակացութեան մէջ ըսուած էր, թէ` «կարելի է ըսել, որ իրադարձութիւնները, հաւաքականօրէն դիտարկուած, կը պարունակեն ցեղասպանութեան յանցագործութեան բոլոր տարրերը, ինչպէս որ սահմանուած է ուխտին մէջ, եւ իրաւագէտները, ինչպէս նաեւ պատմաբանները, քաղաքական գործիչները, լրագրողները եւ այլ անձեր արդարացի պիտի ըլլան շարունակելով զանոնք այդպէս կոչել: Յանձնախումբի թուրք անդամները չընդունեցին այս եզրակացութիւնը, եւ Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնախումբը լուծարուեցաւ: Ինչո՞ւ այժմ կ՛առաջարկէք ստեղծել այլ միացեալ յանձնախումբ մը, եթէ արդէն ժխտած էք անկախ, երրորդ կողմի եզրակացութիւնը` կատարուած նշանաւոր Էլի Ուիզելի գլխաւորած կազմակերպութեան կողմէ: Դուք անձամբ բազմիցս հրապարակայնօրէն յայտարարած էք, որ երբեք չէք ընդունիր, որ Թուրքիան ցեղասպանութիւն կատարած է: Ասիկա դժուար է համադրել ձեր յայտարարութեան հետ, թէ` «Թուրքիան մնայուն կերպով աջակցած է գիտական եւ համապարփակ հետազօտութիւններուն` պատմութեան ճշգրիտ ընկալման նպատակով»:

Պարո՛ն վարչապետ, եթէ իսկապէս կ’ուզէք տեսնել, թէ ինչպէ՛ս «հնագոյն եւ ուրոյն աշխարհագրութիւն կիսող ժողովուրդները, որոնք ունին նոյնանման սովորութիւններ եւ կենցաղ, պիտի կարենան հասուն կերպով իրարու հետ խօսիլ անցեալի մասին եւ միասին պարկեշտօրէն յիշել իրենց կորուստները», այդ պարագային թերեւս ձեր պատրաստակամութիւնը ցուցաբերելու նպատակով դիմէք քանի մը պարզ քայլի` Հայաստանի հետ առանց նախապայմաններու հաստատելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ բանալով երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը (փակուած է միայն թրքական կողմէ)` իբրեւ երկխօսութեան սկսելու առաջին քայլ: Ատիկա պիտի ըլլայ ձեր ցաւակցական նամակին անկեղծութեան շօշափելի ապացոյցն ու առաջին քայլը` դէպի հաշտեցում:

Share this Article
CATEGORIES