Տեսակէտ. # Թուրքիան Ձախողեցա՞ւ

Պատեհապաշտութեան անկշռոյթ մեղեդիներով առաջնորդուող ներհայկական հաւաքական կեանքին մէջ, թէեւ անհամակարգ, ամուլ, երբեմն ալ վնասակար մարտավարութիւններու որդեգրումը արտասովոր երեւոյթ չէ, այսուհանդերձ, դարուս բաց ու արագ հաղորդակցութեան միջոցները, աննախադէպ տարողութիւն կ՛ընձեռեն անոնց պատուհասներուն` յաւելեալ սեպեր խրելով հայ ժողովուրդի քաղաքական հիմնախնդիրներու լուծման հոլովոյթին: Ժամանակակից առիթներու բերումով, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի այս տարուան ոգեկոչման ծիրին մէջ տեղ գտած, համացանցի ընկերային ցանցերու վրայ լայնօրէն տարածուող # Թուրքիան Ձախողեցաւ նշանաբանը, դարձաւ սոյն մարտավարութիւններէն թերեւս վերջինը, որ աշխարհատարած հայերու սոսկ գոյութիւնը, մերթ իրենց մականուններու, մերթ իրենց ճաշակած հայկական ճաշերու, մերթ իրենց երգած հայերէն երգերու… վկայութեամբ կը ներկայացնէր որպէս Թուրքիոյ ձախողութիւն:

Եթէ պահ մը կոյր վստահութիւն չընձեռենք ժողովրդականացած «մէկ նմուշ հայ, թանգարանի մէջ» թրքական գերնպատակի վարկածին, եւ եթէ հայ-թուրք երկարամեայ հակամարտութիւնը ողջմտօրէն դիտարկենք քաղաքական հարթակի վրայ, դժուար թէ կարելի ըլլայ հիմնաւորել վերոյիշեալ ձախողութիւնը: Եւ ինչպէ՞ս հիմնաւորել զայն, երբ Հայկական Բարձրաւանդակէն հայկական ծինը որպէս  ֆիզիքական, մշակութային եւ քաղաքական գործօն էապէս ջլատելէ դար մը ետք, Թուրքիան այսօր այն երկիրն է, որ իր յարաճուն տնտեսութեամբ տիրած է տարածաշրջանի շուկային, իր տրամադրութեան տակ ունի ՕԹԱՆ-ի երկրորդ մեծագոյն արդիական բանակը, համաշխարհային քաղաքական հաւասարակշռութիւններու մէջ անշրջանցելի ներկայութիւն ունի ու հոն առանցքային յանձնառութիւններ վերցնելով` գերպետութիւն դառնալու իրատես յաւակնութիւններ կը դրսեւորէ: Մինչդեռ, հայկական իրականութիւնը, նոյնիքն Թուրքիոյ դարասկզբի ձեռնարկած զոյգ ոճրագործութիւններու բերմամբ, տակաւին պառակտուած հայրենի եւ սփիւռքեան իր շերտերուն մէջ, կքած կը մնայ Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման ծանր հետեւանքներու տակ: Մէկ կողմէ, չկայացած պետութեան ներքոյ, ընկերային անարդարութիւններու, տնտեսական անբաւարար վիճակի եւ անոնց հետեւանք`սանձարձակ արտագաղթի իբրեւ հետեւանք արիւնաքամ եղող հայրենիքը, ու միւս կողմէ` ձուլման յորձանուտին շատոնց մատնուած, սրընթացօրէն հայկականութենէ սպառող ու նօսրացող սփիւռքը բացայայտ փաստեր են այս գծով:

Հետեւաբար, ուրանալ այն իրողութիւնը, որ Թուրքիան հայութեան հետ առնչուող իր քաղաքական խնդրին խոշոր մէկ մասը լուծեց դարասկզբին, եւ մնացած փոքր տոկոսը (եթէ գոյութիւն ունի) ներկայացնել որպէս թրքական ձախողութիւն, առնուազն` ըսելով, շեղում է իրականութենէն: Պատրանք մը, որ վնասակար անդրադարձ ունի թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ:

Արդարեւ, «Թուրքիան ձախողած է»-ի եւ անոր բնական հետեւութիւն` «մենք յաղթանակած ենք»-ի տրամադրութեան սնուցումը ներհայկական ոլորտին, բաւարարուածութեան կեղծ զգացում ներարկելով սերունդներու հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ, կրնայ միայն առաւել շիջեցնել յանուն վերականգնումի եւ հայրենատիրութեան պայքարելու անոնց թափն ու ուժականութիւնը: Ի տես ներկայ իրադրութեան` պատշաճ ու կառուցողական պիտի ըլլար, որ փոխան այդ սին բաւարարուածութեան` ողբերգութիւնը ի՛նք տնտեսէր հայ ժողովուրդի ներաշխարհը: Անկեղծ ու ինքնեկ ողբերգութիւն մը, որ հիմնաքարը դառնար վերականգնումի ու իրաւատիրութեան կնճռոտ առաքելութեան: Այս գծով աւելի դիպուկ չի կրնար ըլլալ հայ իմաստասիրական մտքի սակաւ դէմքերէն Հայկ Ասատրեանի խօսքը, երբ կ՛ըսէ. «Ճշմարտօրէն ողբերգել, կը նշանակէ գոյութեան ողջ դառնութեամբ, ցաւով, ցասումով, ոգորումով խորհրդածել ճակատագրի մասին: Կը նշանակէ ինքնաժխտումի սարսուռով եւ կարօտով ելուղի փնտռել այն բանի համար, որը քանի դեռ յայտնութիւն չէ ստացած, վերջ չունի քո բարոյական տագնապը»:

Իսկ արտաքին մակարդակի վրայ ինչպիսի՞ հանրային կարծիք կը զարգացնէ համացանցային այդ լոզունքը, երբ հաստատելով, որ Թուրքիան ձախողած է, թեւեր կու տայ այդ տրամադրութեան, որ պատմական արդարութիւնը հաստատուած է, որով եւ բարոյապէս կը կազդուրէ ոճրագործութեան հանդիսատես աշխարհը` ենթադրել տալով անոր, թէ իր կրաւորական կեցուածքով հանդերձ, հայ-թուրք հակամարտութիւնը այնուամենայնիւ ունեցած է իր արդար աւարտը: Առաւել եւս, քաղաքական ի՞նչ պատգամ կը փոխանցէ անիկա, երբ հայրենազուրկ ու ճնշուած հայկական իրականութեան փոխարէն, բեմականացնելով Թուրքիոյ կարծեցեալ ձախողութիւնը, կը թուլցնէ պահանջատիրութեան բանեցուցած ճնշումը միջազգային ընտանիքին վրայ: Հարցադրումներ, որոնք երեւութապէս hեռու մնացած են այս նախաձեռնութեան նախապատրաստական տեսադաշտԷն…

Վերջապէս, համացանցային վերոյիշեալ երեւոյթին լոյսին տակ  կը մնայ ընդգծել, որ մինչ քաջալերելի էր օգտագործումը արդի նորարարութեան գործիքներուն եւ ներշնչող անոնց միջոցով ստեղծուած համահայկական միասնութեան, գէթ համացանցային խճանկարը, այսուհանդերձ, անոր բովանդակութիւնը, այլապէս հայ-թուրք հակամարտութեան այլանդակ պատկերի ուրուագծումը, տեղատուութեան, հակաքարոզչութեան եւ քաղաքական ինքնաչէզոքացման ազդակներ տնտեսեց միաժամանակ: Այս գծով, նման ինքնասպանական մարտավարութիւններու սրբագրման մեկնակէտը պէտք է փնտռել այն տրամաբանութեան մէջ, թէ իրականութեան (գուցէ եւ դառն իրականութեան) ընդունումը պարտուողականութեան ջաղացքին ջուր չի լեցներ: Ընդհակառա՛կը, անիկա պարտուողականութենէն ձերբազատելու եւ յաղթանակելու նախապայմանն է, որ հաւաքաբար հարկ է ընկալել, եթէ երբեք պարագայական ճարտասանութիւններու առթած ցոփ բաւարարուածութիւնը կ՛ուզենք փոխարինել իսկական յաղթանակներու ներշնչած գոհունակութեամբ:

Խ.

 

Share this Article
CATEGORIES