Լողարշաւ. Սարա Խաթիպ Կը Պատրաստուի Երիտասարդներու Ողիմպիականին

1505sara-khatibԼիբանանցի երիտասարդ լողորդ Սարա Խաթիպ (15 տարեկան), որ բաւական ծանրաբեռնուած փորձեր կը կատարէ, կը պատրաստուի երիտասարդներու ողիմպիականին, որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոսին` Նանճինկի մէջ (Չինաստան):

Խաթիպ, որ իր փորձերը կը կատարէ իր ամերիկացի մարզիչին` Ճէյ Փինըրի հսկողութեամբ, մեծ յոյսեր ունի Լիբանանի համար ապահովելու մետալ մը` նկատի ունենալով, որ տեղական թէ միջազգային մրցաշարքերուն ան միշտ ալ տիտղոսներու եւ մետալներու տիրացած է:

Ան երեք տարեկանէն սկսեալ այս մարզաձեւով կը զբաղի:

Share this Article
CATEGORIES