«Պիտի Վայելեմ Արհեստավարժ Ասպարէզիս Այս Կարեւոր Պահը» Կ՛ըսէ Գեւգէօզեան

1505kevkoezianՄաուրօ Գեւգէօզեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտի կողմէ հրաւէր ստացաւ` մաս կազմելու հաւաքականին, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ.

«Հայաստանի հաւաքական հրաւիրուիլը ոչ միայն անձնական յաջողութեան արդիւնք է, այլեւ` խմբային լաւ աշխատանքի մը պտուղը: Կը կարծեմ, որ ասիկա պիտի ըլլայ արհեստավարժ ասպարէզիս ամէնէն կարեւոր մէկ պահը, որուն համար ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեմ` յաւելեալ յաջողութիւններ ձեռք ձգելու համար»:

Նշենք, որ ան Ալիանսայի հետ կը մասնակցի Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան:

Share this Article
CATEGORIES