«Եուրոփա Լիկ». Սեւիլլա Տիտղոսակիր` Փենալթիներով (4-2) Յաղթելէ Ետք Պենֆիքային

1505sevilla«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2013-2014 տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին, երբ Թորինոյի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցաւ անոր աւարտական մրցումը` սպանական Սեւիլլա խումբին եւ Պենֆիքայի միջեւ (Փորթուգալ):

12 ամիս առաջ Չելսիէն 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած Պենֆիքա այս անգամ եւս ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, երբ փենալթիներով 4-2 արդիւնքով պարտուեցաւ Սեւիլլայէն: Անիկա այսպիսով առիթ տուաւ սպանական խումբին, որ երրորդ անգամ ըլլալով բարձրացնէ այս մրցաշարքին տիտղոսը:

Պենֆիքայի համար բնականաբար ասիկա եղաւ բաւական ծանր եւ մահացու հարուած մը` նկատի ունենալով, որ անիկա կրեց աւարտականի իր ութերորդ յաջորդական պարտութիւնը:

Մրցումէն ետք Պենֆիքայի քիչ մը տխուր մարզիչը` Խորխէ Խեսուս ըսաւ. «Թէեւ մենք աւելի լաւ էինք, բայց ֆութպոլի մէջ լաւագոյն խումբը չէ, որ կը յաղթէ: 120 վայրկեան մենք կոլի աւելի լաւ առիթներ ունեցանք, բայց չկրցանք յաղթել»:

Share this Article
CATEGORIES