Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւնները Կը Սկսին Շաբաթ, 17 Մայիսին

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 17 մայիս 2014-ին, Ժամհուր վարժարանին մէջ կը սկսին Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները:

Յետմիջօրէի ճիշդ ժամը 17:00-ին պիտի սկսին 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները:

Սակայն բոլոր մասնակցողները հոն պէտք է ըլլան յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, անուններու ստուգումին եւ վճարելու համար ախոյեանութեան մասնակցելու իրենց գումարը` քսան հազար լիբանանեան ոսկի:

Ինչ կը վերաբերի 8 եւ 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, անոնք պիտի սկսին շաբաթ, 24 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը ճիշդ 16:30-ին: Մասնակցողները պարտին հոն ներկայ ըլլալ յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին:

Նշենք, որ ախոյեանութիւնը կը բաղկանայ վեց հանգրուանէ:

Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց անունները արձանագրել, պէտք է կապ հաստատեն Ալի Ժաուիշի հետ` հեռաձայնելով 03-300166 թիւին:

Share this Article
CATEGORIES