Նասսար Տուպայ Կատարած Իր Այցելութիւնը Որակեց Շատ Դրական

1505nassar-dubaiԵրէկ` հինգշաբթի, 15 մայիսի յետմիջօրէին, Տուպայէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար:

Իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Նասսար, որ տեսակցութիւններ ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահին` Իսմայիլ Քըրքաուի եւ մնացեալ անդամներուն հետ, իր այս այցելութիւնը որակեց շատ դրական` նկատի ունենալով, որ երկու կողմերուն միջեւ մէկ տարուան համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ` տարբեր տեսակի օժանդակութիւններ ապահովելու, փոխյարաբերութիւններ հաստատելու եւ ազգային խումբերու զարգացման ու այլ տեսակի կապերը միշտ ամուր պահելու համար:

Աւարտին Նասսար յատուկ յուշանուէր մը ստացաւ Քըրքաուիէն:

Share this Article
CATEGORIES