Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ Թրիփոլի

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 16 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Մութթահետ Թրիփոլիի դէմ:

Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Նշենք, որ երթին ՀՄԸՄ Թրիփոլիի մէջ 70-49 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Այս մրցումէն սկսեալ ՀՄԸՄ Անթիլիաս ախոյեանութիւնը պիտի շարունակէ իր նոր սերպ մարզիչին` Նեմանժա Պաժիտովի հետ, որ անցեալին եղած է Ափոյել Կիպրոսի մարզիչը: Ան յաջորդեց Ժորժ Աքիքիի, որ ներկայացուց իր հրաժարականը:

Սերպ մարզիչը իրեն օգնականներ պիտի ունենայ Ժաք Նալպանտեանն ու Սեւակ Քեթենճեանը:

Խումբին բժիշկն է Ճոնի Իպրահիմ, մարմնական կազմուածքի փորձերուն պիտի հսկէ Ֆուատ Ժըրժես, իսկ վիճակագրութեան բաժինը ստանձնած է Ժոել Ապտել Նուր:

Ինչ կը վերաբերի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն, այսօր երեկոյեան ժամը 17:45-ին տեղի կ՛ունենայ Ամշիթ – Սաժես երկրորդ մրցումը` Ամշիթի դաշտին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES