Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ կը կասկածիք ձեր շուրջը կատարուող կարգ մը հարցերէ, առանց վերապահութեան արտայայտուեցէք, որպէսզի ձեր ծրագիրը չվնասուի: Ուշադիր եղէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճամբորդութեան ծրագիր մը ունիք, որ պիտի կատարուի յաջողութեամբ: Պիտի ունենաք կեանքի փոփոխութիւն եւ նորութիւններու իրագործում:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրուան նախաձեռնութիւնները պիտի աւարտին յաջողութեամբ: Նոր առաջարկներու պարագային եղէք տրամադիր` զանոնք սերտելու եւ ապա տալու ձեր տեսակէտը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երբեմն ձեր կատարած աշխատանքները կամ ձեր պատրաստած ծրագիրները ուշադրութիւնը կը գրաւեն ձեր շուրջիններուն: Այս պարագային եղէք ուշադիր` հեռու մնալու համար ըսի-ըսաւներէ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրը տրամադրեցէք հանգստանալու: Մէկ կողմ ձգեցէք պարտականութիւններ, որոնց շարքը երկար կը թուի, հետեւաբար հետեւեցէք առողջ մնալու կանոններուն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կը զգաք ձեր շուրջը գտնուողներուն տրամադրութիւնը եւ անտարբեր չէք մնար ձեր վերաբերումը ճշդելու: Կարեւորութիւն մի՛ տաք անիմաստ երեւոյթներու:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընտանեկան հարցերու յստակացման համար արտայայտեցէք ձեր կարծիքը` փոխանակ խուլ կամ անտարբեր ձեւանալու: Բացատրութիւն տուէք, լաւագոյն միջոցն է խաղաղ մնալու:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պատրաստ էք օգնելու ձեր ընտանիքին, մասնաւորաբար` ձեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք շատ գոհ պիտի մնան ձեր աջակցութենէն:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նիւթական ներդրումներ պիտի կատարէք, պիտի ծախսէք սովորականէն քիչ մը աւելի: Կրնաք արդիւնաւէտ եկամուտ մը ունենալ այս պարագային:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուշադրութեան կեդրոնը պիտի նկատուիք որոշ աշխատանքի մը աւարտին: Օրուան ընթացքին պիտի կարենաք արտայայտել ձեր գոհունակութիւնը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կը մտածէք յաջողութիւն արձանագրել, բայց նոյն ատեն պէտք  է գիտնաք օգնել ուրիշներու, երբ կը պահանջուի կամ կ՛առաջարկուի ձեզի:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընկերային կեանք ունենալը անհրաժեշտութիւն է: Որեւէ ժամանակ եւ երբ որ ուզէք, կրնաք նոր բարեկամներ ունենալ եւ անոնց հետ գործակցիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES