50 Տարի Առաջ (17 Մայիս 1964)
Վարչապետ Ուէյնի Երէկ Անթիլիաս Այցելեց
Ս. Պատարագին Ներկայ Գտնուեցան Նաեւ
Բազմաթիւ Նախարարներ, Երեսփոխաններ
Եւ Երեւելի Անձնաւորութիւններ
Յանուն Նախագահ Շեհապի` Վարչապետը Մայրիներու Ա. Կարգի
Մեծ Շքանշանով Պատուեց Վեհափառ Հայրապետը
Երէկ` կիրակի, 17 մայիս 1964, Հոգեգալստեան տօնին առիթով Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, համաձայն տարիներէ ի վեր նուիրականացած աւանդութեան, մեծարանքի եւ արեւշատութեան մաղթանքի հանդիսաւոր սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապի համար:
Արարողութեանց նախագահեց Խորէն Ա. կաթողիկոս: Պատարագիչն էր դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս:
Մասնաւոր յանձնախումբ մը, գլխաւորութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, կ՛ընդունէր բարձրաստիճան հիւրերը:
Բակի մուտքին զինուորական ջոկատ մը եւ նուագախումբը պատիւներով կ՛ընդունէին ժամանող բարձրաստիճան հիւրերը:
Ժամը ճիշդ 10:00-ին, յանուն նախագահին, ժամանեց վարչապետ Հիւսէյն Ուէյնի: Ս. պատարագին ներկայ եղան նաեւ կրթութեան նախարար Շարլ Հելու, ընկերային հարցերու նախարար Ռըտա Ուահիտ, ելեւմտական նախարար Ժոզեֆ Նաժժար, հանրապետութեան նախագահի դիւանապետ Ժորժ Հայմարի, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆաուզի Պարտաուիլ, Մեթնի երեսփոխան զօր. Ժեմիլ Լահուտ, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Մեթնի գայմագամ Համիտ Խուրի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ եւ ստուար թիւով հաւատացեալներ:
Յաւարտ Ս. պատարագի, կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն:
Վեհափառ հայրապետը, յանուն կաթողիկոսարանի եւ հայ ժողովուրդի, կարդաց գեղեցիկ ճառ մը: Ճառին արաբերէն թարգմանութիւնը կարդաց Հայկ Թովմասեան:
Վարչապետ Հիւսէյն Ուէյնի, պատասխանելով վեհափառ հօր, յանուն նախագահին, փոխադարձաբար, մաղթանքներ ու բարեմաղթութիւններ ըրաւ եւ դրուատալից խօսքերով արտայայտուեցաւ հայ ժողովուրդին մասին` իբրեւ օրինապահ քաղաքացի:
Հանրապետութեան նախագահին ու լիբանանեան կառավարութեան կողմէ, խանդավառ ծափերու մէջ, պարգեւատրեց վեհափառ հայրապետը Լիբանանի Մայրիներու Ազգային Ա. կարգի մեծ ժապաւէնի շքանշանով` իբրեւ գնահատանք վեհին բոլորանուէր ծառայութիւններուն:
Վեհափառը, շնորհակալութիւն յայտնելով, ի մէջ այլոց ըսաւ. «Այս սիրալիր եւ յարգալիր վերաբերմունքը կը նկատենք մեր անձին միջոցով սիրոյ նշան հանրապետութեան նախագահին եւ իր կառավարութեան` ուղղուած հայ ժողովուրդին»:
Վեհափառ հօր շնորհակալութեան խօսքերը արաբերէնի թարգմանեց մեթր Խաչիկ Պապիկեան:
Լիբանանեան քայլերգի եւ «Կիլիկիա» երգի խմբերգներէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ աջահամբոյր:
Ս. պատարագն ու ճառերը ձայնասփռուեցան Պէյրութի ռատիոկայանէն եւ ցուցադրուեցան պատկերասփիւռէն:

