Պրազիլ, Մանուկներու Մոնտիալը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Manga_poghotsnerou-bezdigner2014-ը դարձեալ Մոնտիալի տարի է: Այս տարի անիկա տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի մէջ: Սակայն ֆութպոլի աշխարհի ուրիշ ախոյեանութիւն մը արդէն տեղի ունեցած է Պրազիլի մէջ, 28 մարտէն 6 ապրիլի միջեւ, փողոցներու մանուկներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:

Անոնք 14-17 տարեկան պատանիներ են: Անոնք եկած են աշխարհի չորս կողմերէն, սակայն առնուազն երկու կէտեր զանոնք իրարու կը միացնեն. անոնք ապրած են փողոցներուն մէջ եւ շատ կը սիրեն ֆութպոլը:

Փողոցներու մանուկներու ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը սկսաւ 28 մարտին, Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէրօ քաղաքին մէջ, «իսկական» Մոնտիալէն քանի մը շաբաթ առաջ:

Ընդամէնը 19 խումբեր կը մասնակցին այս Մոնտիալին: Անոնք կազմուած են պատանիներէ, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին ստիպուած եղած են փողոցները ապրելու: Անոնցմէ է, օրինակի համար, Մոհամետ: 13 տարեկանին ան կը լքէ իր ընտանիքը եւ կ՛երթայ ապրելու Քարաչիի փողոցներուն մէջ. այս քաղաքը աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր քաղաքներէն մէկն է:

Մոհամետ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս առաջ դպրոց չէր երթար, առողջ կեանք մը չէր ապրեր, չէր գիտեր` ի՛նչ կ՛ընէր կամ պէտք էր ընէր կեանքին մէջ: Ան վերածնունդ մը կ՛ապրի շնորհիւ մարդոց օգնող կազմակերպութեան մը: Այդ կազմակերպութեան օգնութեամբ ան վերագտաւ բնական կեանք մը, յատկապէս` ֆութպոլին ընդմէջէն: Ան եւ իր ընկերները շատ աշխատեցան կարենալ Պրազիլ երթալու համար: Նոյնիսկ եթէ անոնք բաժակին չարժանացան, անոնց մասնակցութիւնը այդ ախոյեանութեան արդէն մեծ յաղթանակ մըն էր:

* * *

Ֆութպոլի մրցաշարքին կողքին, ախոյեանութիւնը առիթ մը եղաւ ներկայացնելու այս պատանիներուն առօրեան` մշակութային եւ գեղարուեստական յայտագիրով մը, եւ փաստելու, թէ ինչպէ՛ս ֆութպոլը անոնց կարելիութիւն կու տայ իրենց թշուառ կեանքէն դուրս գալու եւ նոր կեանք մը սկսելու:

Այս տարի ախոյեանութեան արժանացաւ Թանզանիոյ խումբը, իսկ ամէնէն լաւ մարզիկի ոսկի գնդակը տրուեցաւ Պուրունտիէն Իննոսոն Պիժիրիմանայի, որ մրցաշարքին ընթացքին արձանագրեց 13 կէտ:

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…

– Փողոցի մանուկներու աշխարհի ախոյեանութիւնը կազմակերպուած է մանուկները պաշտպանող «Սէյվ տը չիլտրըն» բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ:

– 19 երկիրներ կը մասնակցին մրցաշարքին, 24 խումբեր, որոնցմէ` 8 աղջիկներու խումբեր: Ընդամէնը`  230 պատանի մարզիկներ:

– Այս ախոյեանութիւնը առաջին անգամ կազմակերպուեցաւ Հարաւային Ափրիկէի Տըրպըն քաղաքին մէջ, 2010 թուականին, Մոնտիալէն քիչ մը առաջ:

– Այս առաջին ախոյեանութեան արժանացած էր Հնդկաստան, եւ մրցաշարքը մեծ յաջողութիւն գտած էր:

– Նշանաւոր մարզիկներ Տէյվիտ Պեքհամ եւ Փելէ այս ախոյեանութիւնը հովանաւորող անձնաւորութիւններէն են:

 

 Մոնտիալը` Ձմրան Ընթացքին

Manga_mondial-20222022-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ… եւ հաւանաբար` ձմրան: Ի՞նչ են պատճառները:

Տակաւին ոչինչ որոշուած է. ամէն ինչ կը յստականայ 2014-ի Մոնտիալէն ետք: Սակայն կարգ մը պատասխանատուներ արդէն արտայայտուած են այս նիւթին շուրջ եւ յայտարարած, թէ 2022-ի Մոնտիալը հաւանաբար տեղի պիտի ունենայ 15 նոյեմբերէն ամէնէն ուշը 15 յունուարի միջեւ: Այս յայտարարութիւնը անակնկալ մը եղաւ բոլորին համար:

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն է, որ սկզբունքով պէտք է քննարկէ այս հարցը եւ որոշէ, թէ 2022-ի ախոյեանութիւնը ձմրան խաղցուած առաջին ախոյեանութիւնը պիտի ըլլա՞յ: Պաշտօնական պատասխանը պիտի յայտարարուի հետագային:

Ֆութպոլի ներկայացուցիչներուն մեծ մասը ուրախ չէ այս որոշումով, սակայն անոնք համաձայն են, որ նախընտրելի է Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք ախոյեանութիւնը տեղի ունենայ ձմրան:

Ինչո՞ւ

– Ձմրան ընթացքին է, որ Քաթարի մէջ ջերմաստիճանը ամէնէն ցածը կ՛ըլլայ: Ամրան տաքութիւնը կրնայ հասնիլ աւելի քան 40 աստիճանի:

– Մարզիկներու միջազգային արհեստակցական ընկերութիւնը յայտարարած է, որ իրենք ալ համամիտ են այդ գաղափարին:

– Անշուշտ հանդիսատեսներուն համար ալ աւելի հաճելի պիտի ըլլայ:

– Ֆութպոլի պատասխանատուները եւս ուրախ են այս առիթը օգտագործելով եւ սրբագրելով ներկայի ախոյեանութիւններու կազմակերպչական թերութիւնները:

Սակայն

– Պէտք պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել միւս ֆութպոլի ազգային ախոյեանութիւններուն թուականները:

– Անգլիացիները շատ կապուած են տարեվերջի եւ յատկապէս Ծնունդին յաջորդ օրուան` «Պոքսինկ տէյ»-ի տեղի ունեցած խաղերուն:

– Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ ժամանակաշրջանին տեղի կ՛ունենան ամերիկեան ֆութպոլի խաղերը:

– Վերջապէս, նոյն ժամանակ տեղի պիտի ունենան նաեւ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը: Արդեօք այս խաղերուն թուականնե՞րն ալ պէտք պիտի ըլլայ փոխել:

 

 Քաթար

  • Մայրաքաղաք` Տոհա
  • Տարածք` 11,586 քառ. քիլոմեթր
  • Բնակչութիւն` 2,05 միլիոն

 

 

Էյֆել Աշտարակին
125-րդ Տարեդարձը

Manga_Tour Eiffel31 մարտ 1889-ին Կիւսթաւ Էյֆել իր աշտարակին բացումը կը կատարէր Փարիզի մէջ:

Ան կառուցուած էր միջազգային ցուցահանդէսի մը առիթով: Այդ ժամանակաշրջանին ցուցադրութիւններ կը կազմակերպուէին երկրի մը երկրագործութիւնը եւ ճարտարարուեստը զարգացնելու համար:

Անոր բարձրութիւնը սկիզբը 312 մեթր էր, իսկ այժմ անիկա 324 մեթր է, որովհետեւ անոր գագաթին ալեհաւաքներ հաստատուած են: Անիկա շինուած է շատ արագօրէն` 2 տարի, 2 ամիս եւ 5 օրէն:

Սկզբունքով Էյֆելի աշտարակը կանգուն պիտի մնար միայն 20 տարի: Ասոր կողքին, ֆրանսացիներն ալ զայն չէին սիրեր: Անոնք այդ աշտարակը կը համարէին «անպէտք» եւ «ահաւոր»: Անոնք նոյնիսկ կոչ ուղղած են զայն քանդելու:

Իր 125-րդ տարեդարձին համար Ֆրանսա մասնաւոր տօնակատարութիւններ չէ կազմակերպած «Մետաղէ տիկնոջ» համար, ինչպէս զայն կ՛անուանեն: Այժմ, Էյֆելի աշտարակը աշխարհի ամէնէն շատ վճարովի այցելուած կոթողն է: Անիկա ամէն տարի կ՛ընդունի միջին հաշուով 7 միլիոն այցելու:

 

 Աշխարհի Ամէնէն Բարձր
Աշտարակը

Manga_kingdom-towerԱշխարհի ամէնէն բարձր աշտարակին շինութիւնը արդէն սկսած է:

«Քինկտըմ Թաուր» աշտարակը գետնէն պիտի բարձրանայ 1000 մեթր: Անիկա պիտի ունենայ 200 յարկ եւ 59 վերելակներ: Բաղդատութիւն մը ընելու համար յիշենք, որ, օրինակի համար Էյֆելի աշտարակին բարձրութիւնը 324 մեթր է…

Հետեւաբար, ի՞նչ է նման աշտարակի մը առաւելութիւնը: Ոչինչ: Անոր տեսքն է, որ պարզապէս հետաքրքրական կրնայ ըլլալ:

 

Կռիւի Յատուկ Ծամոն Մը

Manga_dsamonԵրբ զինուոր մը մարտադաշտի վրայ կը գտնուի,  միշտ ժամանակ չ՛ունենար ակռաները խոզանակելու: Սակայն ան պէտք է խոզանակէ, որովհետեւ զինուոր մը մարտադաշտէն հեռացնելու պատճառ եղող վէրքերուն 10 առ հարիւրը ատամնային շտապ օգնութեան կարօտող պարագաներ են:

Հետեւաբար ամերիկեան բանակը շատ երկար (7 տարի) եւ շատ սուղ (աւելի քան 11 միլիոն տոլար) ուսումնասիրութիւն մը կատարած է ակռայի ցաւի դէմ «զէնք» մը ստեղծելու համար:

Անիկա «մարտական» ծամոնն է: Առանց շաքարի` անիկա կը պարունակէ գաղտնի նիւթ մը, ՔՍԼ – ՈՒ, որ մանրէները կը փճացնէ:

Այս ծամոնը պէտք է ծամել օրական երեք անգամ, 20 վայրկեան:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել մազի քրեմին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել մազի քրեմին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել, թէ ի՛նչ շարքով պէտք է հանել այս կիթառները, որպէսզի տակինները չիյնան:

Կրնա՞ս գտնել, թէ ի՛նչ շարքով պէտք է հանել այս կիթառները, որպէսզի տակինները չիյնան:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ոստիկանները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ոստիկանները:

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES