Գրախօսական. «Անաւարտ Պահեր» (Միսաք Ուլնեցի)

Յ. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Anavard-Baher2013-ի վերջերուն Համազգայինի «Վ. Սէթեան» տպարանէն լոյս տեսաւ Միսաք Ուլնեցիի «Անաւարտ պահեր» քերթուածներու ժողովածուն:

Բուն անունով` Միսաք Սիսեռեան, «Ուլնեցի» հալէպահայութեան առաջին սերունդին ծանօթ է որպէս նուիրեալ եւ հմուտ կրթական մշակ, ուսուցչապետ: Ծնած ըլլալով Զէյթուն (որ անցեալին կոչուած է Ուլնիա) 1888-ին, իր անունին կցած է իր ծննդավայրի պատմական անունը` որպէս գրչանուն:

Եւ այսպէս, հին սերունդին ծանօթ, նոր սերունդին անծանօթ այս մտաւորականին ծննդեան 125-ամեակին է, որ լոյսին կու գայ իր մէկ ու միակ բանաստեղծական ժողովածուն` «Անաւարտ պահեր»-ը, իր 40 քերթուածներով, որպէս կարապի երգ, քանի որ 1949-1951 տարիներուն երկնած այս բանաստեղծական փունջէն երեք տարի ետք, 1954-ին կը փակէ իր աչքերը ու կ՛անցնի պատմութեան: Թէեւ ուսուցչութեան կողքին յաճախ աշխատակցած է այդ օրերու գրական հանդէսներուն յօդուածներով եւ բանաստեղծութիւններով, սակայն իր մնայուն արժէք ներկայացնող գործը եղած է «Պատմութիւն Զէյթունի» օգտաշատ աշխատասիրութիւնը, որ իր մահէն յիսնամեակ մը ետք հրատարակութեան տուաւ իր զաւակը` տոքթ. Սեպուհ Սիսեռեանը:

Իսկ այսօր, իր մահուան 60-ամեակին մեր սեղանին կը դրուի բանաստեղծական այս հատորը, որ լոյս տեսաւ իր թոռան Հրաչ Սիսեռեանի մեկենասութեամբ եւ դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունիի յառաջաբանով:

Ընդհանուր առմամբ մելամաղձոտութեամբ պարուրուած ապրումներու շքերթ մըն է կարծես, ուր հին ու քաղցր յիշատակները պահ մը կը վերադառնան` ջերմացնելու իր հոգին, որ քիչ ետք պաղ իրականութեան բախելով` յուսահատութեան շղարշով կը պատեն զայն:

Գիրքի յառաջաբանին մէջ դոկտ. Քասունի ըսած է. «Մ. Ուլնեցիի բանաստեղծութիւնները, որոնք Մեծարենցի, Զարիֆեանի եւ Թէքէեանի շունչը կը կրեն, յայտնապէս ինքնատիպ են իրենց ստեղծագործական պատկերներով…»:

Գիրքը կը բացուի «Ա՜խ, իմ հոգիս այգի մ՛ըլլար» բանաստեղծութեամբ, որ այնքան կը յիշեցնէ Մեծարենցի «Հիւղը» բանաստեղծութիւնը, ուր բնութեան մեծ երգիչը կը փափաքի ըլլալ այն հիւղին նման, ուր պարտասուն ճամբորդներ պիտի իջեւանէին հանգստանալու ու իր բարիքներէն օգտուելու համար:

Ուլնեցին ալ կ՛ուզէ, որ իր հոգին այգի մը ըլլայ, ուր հայրենի գիւղի պտուղները հասուննային ու բաշխուէին մարդոց:

Իր ծննդավայրին գովքը ընելէ ետք կը յիշէ այնտեղ անցուցած իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը ու կ՛ափսոսայ անոնց անվերադարձօրէն անցած-գացած ըլլալուն համար.

«Ամպ մ՛էր անցաւ, ջինջ կապոյտի հորիզոնէն
Անցաւ գնաց անվերադարձ, փրփուր իպէս ծովուափին
Ու ամպին հետ
փրփուրին հետ
Հոգիէս ալ անցաւ-գնաց պահ մ՛անաւարտ
Հուսկ ապրում մը կարճ ու տխուր»

Այստեղ ալ Թէքէեանն է կարծէք, որ «Այսպէս ուրեմն տղաք» հնչեակին մէջ կ՛ափսոսայ կորուստը երիտասարդութեան:

Յամառ ընթերցող Ուլնեցին իր սերնդակից մեծերուն շուքին տակ, անոնց գոհար տողերով հաղորդուած, իր մաքրամաքուր հայերէնով ինք ալ կը փորձէ անոնց նման իր սրտին տրոփիւնները յանձնել թուղթին ու մերթ հնչեակներով, մերթ ալ ազատ, անչափ ու անյանգ տողերով, սակայն, միշտ երաժշտական կշռոյթով կը բացայայտէ իր հոգիին մէջ կուտակուածը, լիցքաթափուելու ու թեթեւնալու համար:

Եղեռնի լեղին տեսած ու համտեսած մարդ` կը տուայտի իր ժողովուրդին վիճակուած ճակատագրով ու կ՛աղօթէ.

«Տէր, դո՛ւն պահէ հօտն այս ցրուած, այս տկար
Իմ հալածուած իմ տանջուած վեհ ցեղին.
Շատ եղաւ ալ, բաւական է այս երկար
Գողգոթային ծանր խաչը, զոր դրին
Անօրէններ անոր ուսին այնքան դար:
Ես կ՛աղօթեմ անոր համար, կ՛աղօթեմ
Որ այցելես դուն, խնայես ալ անոր.
Չենք ուզեր մենք ո՛չ քու դրախտն, ո՛չ եդեմ,
Վերցուր չարին տանջանքը` որ ամէն օր
Մեր վրան է անարգանքի որպէս վէմ»:

Սակայն, յանկարծ այս յուսահատութիւնը թօթափելով, որպէս իսկական զարմ մը դիւցազուն Զէյթունի, գլուխը վեր կը բարձրացնէ.

….

«Բայց… կը սիրեմ փոթորիկները կեանքին,
Մրրկահաւն ու պայքարը դժուար,
Հերոսները ամէն կարգի որ կ՛ապրին:
Ու կը կռուին եւ կը մեռնին տեսլահար
Գաղափարի մը համար. ես կը սիրեմ
Գեղեցկութիւնը վշտին, ազնուացող ու վսեմ»:

Մակընթաց ծովու ծառացող ալիքէն ետք, ահա կրկին տեղատուութիւնն ու խոստովանանք մը.

«Քառսուն տարի, միշտ դժնդակ կեանքի կռուին անողոք,
Պայքարեցայ, ոգորեցայ, սակայն այսօր պարտասուն,
Ես այլեւս պարտուած եմ անդարձօրէն, թող ոչ ոք
Հարցնէ ինձ, վէրքերը իմ, թող չյիշէ իմ անուն:

…

Արդ, ես այլեւս մեկնիլ կ՛ուզեմ, ու մոռցուիլ բոլորէն,
Աշխարհ բնաւ չեկածի պէս, անյիշատակ, անանուն:
Ու ոչ մէկ բառ հրաժեշտի, ոչ մէկ տրտունջ, ցաւ ու քէն»: 

Եւ այսպէս տէրեանական ցաւոտ լարերուն վրայ իր կարապի երգը կ՛երգէ:

Սակայն, իր նման բանաստեղծի ու կրթական մշակի յետագծած ուղիին վրայ կրնա՞ր փոշի նստիլ:

Միսաք Սիսեռեան-Ուլնեցիի յիշատակը կը մնայ վառ, յատկապէս` զինք ճանչցողներուն ու իր գրական վաստակին ծանօթ մարդոց հոգիներուն մէջ, սիրով ու յարգանքով:

Պէյրութ, 22-1-2014

 

 

Share this Article
CATEGORIES