Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի Անմահ Յիշատակին. «Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր» Եւ «Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր»
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
Արտաշէս եւ Լուսին Տէր Խաչատուրեաններու արժանաւոր զաւակները նախաձեռնած են ի յիշատակ իրենց հօր` Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի ազգանուէր գործերուն` «Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր»-ուն եւ «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր»-ուն հրատարակութեան: Առաջինը կը բաղկանայ 422 էջերէ, իսկ երկրորդը` 696: Զոյգ գիրքերը հրատարակութեան պատրաստած եւ խմբագրած է յայտնի մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեանը: Վերոյիշեալ երկու հատորները լոյս տեսած են Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն, 2014-ի սկիզբը, Պէյրութ: Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Հայ մատենագիտութեան թուանշանային գրադարանի տնօրէն Մերուժան Կարապետեան հատորներուն անձնանուններուն եւ տեղանուններուն ցանկերը պատրաստած է:
Անձնապէս ծանօթ չէի հանգուցեալ մատենագէտ, մտաւորական, ուսուցիչ եւ խմբագիր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին, սակայն կը ճանչնամ այս մեծ մարդը իր գործերէն եւ կեանքի դրուագներէն: Ան կարճ կեանք մը ապրած է` բաղդատած ուրիշներու, սակայն իր ետին արժէքաւոր գործեր ձգած է: Հայերէնին հմուտ` ան հայոց լեզուի հայերէնէ հայերէն կարեւոր բառարանի մը հեղինակներէն մէկն է: Անոր հիմնական մասնագիտութիւնը եղած է մատենագիտութիւնը, որուն արգասիքներէն են ահաւասիկ այս երկու հատորներ, մէկը` գիրքերու, իսկ միւսը` մամուլի: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան անաչառ դատումով մօտեցած է բոլոր գրական եւ մատենագիտական գործերուն եւ լաւագոյնս քաջալերած է հազուագիւտ մատենագէտները մեր ազգին, մանաւանդ` սփիւռքի մէջ: Ան «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» կարգախօսով նուիրուած է հայկական մշակութային արժէքները պահպանելու գործին, ինչպէս կ՛ըսէ խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեան: Յովհաննէսեան անոր մամուլի մատենագիտական կարեւոր գործերը թուելէ ետք կ՛աւելցնէ. «Ի զուր չէ, որ ոմանք զինք (Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը) կոչած են «Հայ մամուլի շրջուն դեսպան», իսկ ուրիշներ` «Հայ մամուլի պատմութեան աշխարհակալ…», անոնց խորքը գտնուող իրականութիւնը պիտի անմահացնէ անոր անունը մեր մամուլի եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ»:
Տէր Խաչատուրեանի «Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր» հատորը կ՛ընդգրկէ հայ տպագրութեան եւ ընդհանրապէս հայ գիրքի մատենագիտութեան նուիրուած աշխատասիրութիւններ: Սկիզբը հեղինակը թռուցիկ ակնարկով մը կը ներկայացնէ հայ տպագրութեան պատմութիւնը` յիշելով Մեղապարտ Յակոբ, Աբգար Դպիր եւ Յովհաննէս Տէրզնցի: Ապա ան կ՛անդրադառնայ ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերու տպագրական աշխատանքներու եւ անոնց հեղինակներու պատմութեան: Հեղինակը փաստացի տուեալներով կ՛օժտէ այս առաջին գլուխին մէջ ներկայացուած նիւթերը` յիշելով տպաքանակ եւ թուական «Շահեկան տեղեկութիւններ» խորագրին տակ: Ան առանձին գլուխ մը կը յատկացնէ հայ տպագրութեան նախակարապետին` Մեղապարտ Յակոբի կեանքին, գործունէութեան եւ տպագրական աշխատանքին:
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան կը շեշտէ, թէ առաջին հայ գիրքը տպագրողը Մեղապարտ Յակոբն էր, ըսելով. «Հայ տպագրութենէն անցած էր 378 տարի, եւ սակայն հայ ժողովուրդը անտեղեակ էր տակաւին Մեղապարտ Յակոբի գործունէութեան»: Ան այս տխուր երեւոյթին պատճառը կը վերագրէ հայ ժողովուրդի քաղաքական վիճակին: Հեղինակը հայ գիրքի տպագրութեան պատմութեան մէջ կը խորանայ եւ Աբգար Դպիրի 1565-ին տպած «Սաղմոսարան»-էն առաջ տպուած գիրքերու մասին կը բացատրէ: Այդուհանդերձ, այս մասին դեր ու դէմ վարկածները շատ են: Քանի մը պարբերութիւններով Տէր Խաչատուրեան կը գրէ «Պարզատումար», «Ուրբաթագիրք», «Պատարագատետր», «Աղթարք» եւ «Տաղարան» գիրքերու տպագրութեանց պատմութեան մասին: Ան «Նոր տեսութիւններ» հատուածին տակ հայ գիրքի տպագրութեան 450-ամեակի առթիւ գրուած ուսումնասիրութիւններուն կ՛անդրադառնայ, կրկին յիշելով Մեղապարտ Յակոբի արժանիքը հայ գիրքի առաջին տպագրութեան առնչութեամբ: Վերջապէս, հեղինակը յստակօրէն կը բացատրէ տպուած գիրքերուն ժամանակագրական կարգը:
Հեղինակը առանձին գլուխով մը` «Մեղապարտ Յակոբի սաղմոսարանին հարցը» վերնագրեալ, յայտնուած զանազան վարկածներ օգտագործելով, կը բացատրէ հայ գիրքի տպագրութեան պատմութեան ծալքերը:
«Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր» հատորին մէջ կը գտնենք նաեւ մատենագիտութիւնները Ռուբէն Զարդարեանի, Դանիէլ Վարուժանի, Լեւոն Շանթի, Շահան Պէրպէրեանի գործերուն, ինչպէս նաեւ գիտական-քննական գրախօսականի մը` «Հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով» մատենագիտութիւնը: Վերջապէս, հեղինակին գիրքերու մտենագիտական հատորը կ՛աւարտի
«Հ ՅԴաշնակցութիւն եւ Հայկական Սովետական Հանրագիտարան» նիւթին մատենագիտութեամբ: Այս հատուծին մէջ հեղինակը Հ. Յ. Դաշնակցութիւն եւ Խորհրդային Հայաստան յարաբերութիւնները կը նկարագրէ: Ապա ան դաշնակցական մամուլի եւ կուսակցութեան կարկառուն դէմքերուն ցանկը կու տայ, ինչպէս որ համայնագիտարանին մէջ յիշուած է: Ան իր եզրակացութեան մէջ կը թուէ համայնագիտարանին մէջ յիշուած Դաշնակցութեան վերաբերեալ կարեւոր հաստատումներ, ինչպէս` Մայիսեան ապստամբութիւնը, Պաթումի դաշնագիրը, Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը եւ Սարդարապատի ճակատամարտը:
Կ՛անցնինք Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի երկրորդ գիրքին` «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր»-ուն: Սկիզբը ան կը բացատրէ հայ մամուլին կոչումը եւ առաքելութիւնը` շեշտելով «հանրային կարծիք»-ին կարեւորութիւնը: Ապա ան համառօտ կերպով կը խօսի լրագրութեան ծագումին եւ զարգացման մասին: Ան կ՛անցնի հայ մամուլի պատմութեան` ընդգրկելով օսմանեան սահմանդրութեան հռչակման տարիները, Ա. Համաշխարհային պատերազմի շրջանը, ու կը հասնի սփիւռքահայ մամուլի ժամանակաշրջանին: Ան կը գրէ նաեւ հայրենական մամուլին մասին: Տէր Խաչատուրեան հայ խմբագիրներու մասին ալ կ՛անդրադառնայ ու հայ մամուլի պատմութեան մատենագիտութիւնը կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան գաղթօճախներուն մէջ:
Հայ մամուլի նախակարապետ «Ազդարար» թերթին հիմնադրութեան մասին մանրամասնօրէն կը գրէ հեղինակը: Արդարեւ, 16 հոկտեմբեր 1794-ին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան հիմը դրած էր այս թերթին: Մատրասի հայկական գաղութը, Հայ ազատագրական խմբակին գործունէութիւնը, թերթին հիմնադրութեան նախընթաց դէպքերն ու անդրադարձները, Տէր Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի կեանքն ու գործունէութիւնը «Ազդարար»-ի հետ առնչուող նիւթերն են: Շմաւոնեան քհնյ. տպած է նաեւ ուրիշ գիրքեր ալ, որոնցմէ են` «Պատմութիւն Մարիանէ կուսին», 1789-ին, Աղեքսանդր Ջուղայեցիի «Աղօթամատոյց»-ը, 1790, «Պատմութիւն կայսերն Փոնցիանոցի», 1790-ին, Թադէոս Սոգինեանցի «Ողբ Հայաստանեայց»-ը, 1791-ին, Յովսէփ արք. Արղութեանցի «Օրինակ հանդիսաւոր ծանուցման եւ ողբոց», 1791-ին, իսկ անոր Բ. տպագրութիւնը` տարի մը ետք, Պաղտասար Դպիրի 2 հատորնոց «Քերականութիւն»-ը, 1791-ին, Սիմէոն Երեւանցիի «Տաղարան փոքրիկ» գիրքը, 1791-ին, Յակոբ Թաղեանի «Երկրաչափութիւն» գիրքը, 1792-ին, Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս որդի»-ն, 1792-ին եւ ուրիշ գիրքեր, որոնց ցանկը կը գտնենք էջ 92-ի վրայ: Ընդամէնը 19 գիրքեր` մինչեւ 1809 թուական: Այս հատուածին մէջ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան մանրամասնօրէն կը գրէ Շմաւոնեան քահանայի գործունէութեան, գործակիցներուն եւ առնչուող հարցերու մասին: «Ազդարար» խորթութիւններէ ոչ զերծ գրաբարով լոյս կը տեսնէր, որովհետեւ քահանային գործակիցները հայերէնին չէին տիրապետեր:
Յաջորդ գլուխին մէջ կը տեսնենք հայ պարբերական մամուլին մատենագիտութիւնը եւ անոր մասին գիտական-քննական գրախօսութիւն մը: Հանրապետական Հայաստանի մամուլին մատենագիտութիւնը կը յաջորդէ ասոր:
Կ. Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթին մատենագիտական աշխատանքին առընչութեամբ, օսմանեան սահմանադրութեան բերած եռանդին մասին կը կարդանք էջ 211-215: Հեղինակը ապա կը գրէ Կ. Պոլսոյ հայկական թերթերուն խմբագիրներուն մասին: Ան իր եզրակացութեան մէջ կ՛ըսէ. «Ազդակ» շաբաթաթերթը իր կարելի բոլոր միջոցներով կը ջանար օրուան գրական, ազգային եւ քաղաքական, մանաւանդ քաղաքական ախորժակներն ու պահանջները գոհացնել»:
Յաջորդ մատենագիտական գործն է «Լիբանանահայ մամուլի յիսուն տարին.- 1921-1971թթ.»: Սկսելով Լիբանանի հայկական գաղութին կազմութենէն, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան այս յիսուն տարիները տասնամեակներու բաժնելով, կը յիշէ` «Փիւնիկ», «Ազդակ», «Ոստան», «Հայ Կեանք», «Արարատ», «Զարթօնք», «Երիտասարդ Հայուհի», «Հայ Գիր», «Ծիածան եւ ուրիշ օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր ու ամսաթերթեր: Որքան ժամանակը կը թաւալի նոր տասնամեակներու վրայէն, մամուլի օրկաններու նոր անուններ կը յայտնուին: Լիբանանահայ մամուլին օգուտին մասին խօսած ատեն ան կ՛ըսէ. «Լիբանանահայ գաղութի պատմութեան հանքն է լիբանանահայ մամուլը: Մեր մամուլը արձագանգած է մեր ազգային կեանքին եւ մշակոյթին իրագործումներուն»: Ապա հեղինակը կը թուէ մամուլին թերութիւնները: Ուշագրաւ է հեղինակին մատնանշումը երգիծական գրականութեան պակասին: Իսկապէս որ Յակոբ Պարոնեանի եւ Երուանդ Օտեանի նման երգիծական շունչը բացակայ է լիբանանահայ մամուլին մէջ: Չենք ունեցած նաեւ տարեգիրք մը, ինչպէս` Կ. Պոլսոյ Թէոդիկինը:
Նոյն ձեւով Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան մեզի կը ներկայացնէ «Սուրիահայ մամուլի Մատենագիտութիւն»-ը: Ան գաղութին պատմականը ընելէ ետք, մամուլի շրջանները երեք մասերու կը բաժնէ: Առաջինը կը սկսի 1918 ու կ՛աւարտէ 1926-ին, երկրորդը` 1927-1944, իսկ երրորդը կը սկսի 1927-ին ու վերջ կը գտնէ 1963-ին: Ասկէ ետք հեղինակը սուրիահայ մամուլի ցուցակը կը ներկայացնէ:
«Արտասահմանի ներկայ հայ մամուլը» վերնագրին տակ Տէր Խաչատուրեան կը ներկայացնէ շատ ամբողջական եւ եզակի ցուցակ մը` արտասահմանի մէջ լոյս տեսած եւ տեսնող զանազան տեսակի հայկական թերթերու: Յաջորդ գլուխը յատկացուած է ՀՅԴաշնակցութեան 100-ամեայ մամուլի պատմականին եւ մատենագիտութեան: Այս բաժինը իր մէջ կ՛ամփոփէ պատմական կարեւոր իրողութիւններ: Նոյնն է պարագան ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան մամուլի պատմականին եւ մատենագիտութեան, զորս հեղինակը գիտականօրէն ներկայացուցած է: Ան կ՛անդրադառնայ Վասպուրականի Հ. Յ. Դ. մամուլին` 1905-1915, ինչպէս նաեւ` Կարնոյ դաշնակցական մամուլին: Հեղինակին ուսումնասիրութեանց մէջ տեղ կը գրաւեն նաեւ Սոֆիայի «Հայաստան» թերթը Մեծ եղեռնի տարիներուն: Վերջապէս, հեղինակը կը ներկայացնէ Հայ մարզական մամուլը եւ ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Հայ սկաուտ»-ի մատենագիտութիւնները` անոնց պատմականները ընելով:
Մատենագիտական իւրաքանչիւր նիւթ իրեն առնչուող յօդուածներուն հետ գեղեցիկ ու հետաքրքրական եւ երբեմն ալ տխուր նորութիւններ կը բերէ: Թէ՛ գիրքերու եւ թէ՛ մամուլի մատենագիտութիւնները հսկայական ու յոյժ կարեւոր աշխատանքներ են, զորս բծախնդրութեամբ եւ գիտական մօտեցումով կատարած է հեղինակը` յայտնի մատենագէտ եւ մտաւորական Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը:
Յարգանք անոր անթառամ յիշատակին:
Պէյրութ

