«Երազանքի Երկիր Արցախը Մեզ Կը Սպասէ»

0905sourp-KhatchՄայիս 9-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ Շուշիի ազատագրումը, օր մը, որ բնորոշիչ եղած է արցախեան ազատագրական պայքարին համար: Շուշիի ազատագրումը հայոց պատմութեան ամենափառապանծ յաղթանակներէն մէկը կը նկատուի, ուստի այդ օրը դարձած է իսկական յաղթանակի օր, յաղթութեան տօն:

Ուրբաթ, 9 մայիս 2014-ին Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ¬Հարպոյեան վարժարանին մէջ ատենամարզանքը նուիրուած էր յաղթանակի այս տօնին` յիշատակելու համար Արցախի հերոսական պատմութեան հայ մարտիկներուն եւ նահատակներուն նուիրական սխրանքը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11-րդ դասարանցի Նայիրի Յակոբեան եւ 12-րդ դասարանի աշակերտ Ճոնի Իսկենտերեան պատմական ակնարկ մը ներկայացուցին Արցախի մասին, որմէ ետք տեսերիզի միջոցով ներկայացուեցաւ Արցախ աշխարհի բնութիւնը, վայրերը, պատմութիւնը, կենցաղը, մշակոյթը, ժողովուրդը, բարքերը, սովորութիւնները եւ յատկանշական բնոյթները:  Զուգահեռաբար մենապարով ելոյթ ունեցաւ 12-րդ դասարանի աշակերտ Մեղրի Ճիլաքեան:

«Ախպերս ու ես» երգը մեկնաբանեց Կարօ Նագգաշեան:

Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրական պայքարի համառօտ պատմութիւնը ներկայացուցին 11-րդ դասարանի աշակերտներ Արինա Թեփիրճեան եւ Գօգօ Ահարոնեան:

Գօգօ եւ Սերժիօ Ահարոնեան եղբայրները ներկայացուցին «Ղարաբաղ» երգը, որմէ ետք 12-րդ դասարանի աշակերտ Դրօ Գասապեան ներկաներուն պատմեց նախորդ տարի Արցախ կատարած իր ուղեւորութեան մասին:

11-րդ դասարանէն Սալբի Կանիմեան ըսաւ, թէ Արցախ աշխարհի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերութեան միջեւ զօրաւոր կապեր հաստատելու համար կը փափաքին յաճախ այսպիսի ձեռնարկներ կազմակերպել` ծանօթանալու համար հայկական լեռնաշխարհի զանազան շրջաններուն: Ան նաեւ առաջարկ ներկայացուց տնօրէնութեան` Արցախի եւ մեր վարժարանին միջեւ համագործակցութիւն հիմնելու, որով հնարաւորութիւն կը ստեղծուի Արցախի մէջ ամառնային բանակումներու մասնակցելու:

Վարժարանի տնօրէն Ռիթա  Պոյաճեան նախ իր համամտութիւնը յայտնեց` աշակերտներ այցելութեամբ Արցախ ուղարկելու առաջարկին` դիտել տալով, որ տարուան ընթացքին արցախեան զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը միշտ վառ պահուած է: Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, թէ բոլորս պէտք է այցելենք մեր հայրենիքը, որովհետեւ երազանքի երկիր Արցախը մեզ կը սպասէ:

Share this Article
CATEGORIES