Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտներուն Յաջողութիւնը «Հայրենիք, Քեզ Այսպիսին Եմ Տեսնում» Գծանկարներու Մրցանքին
7 մայիս 2014-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի նկարչական մրցանքին:
«Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» մրցանքի ծիրէն ներս «Հայրենիք, քեզ այսպիսին եմ տեսնում» գծանկարներու մրցանքին Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի տասը աշակերտներ յատուկ վկայականներու եւ նիւթական պարգեւներու արժանացան:
Հանդիսութեան բացման եւ բարի գալուստի խօսքը կատարեց Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, ապա հրաւիրեց Հայ աւետ. քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը` խօսք առնելու: Ան շեշտեց մայր հայրենիք եւ սփիւռք մշակութային կապերու կարեւորութիւնը եւ նշեց, թէ իբրեւ դպրոց Հայ աւետ. քոլեճը մնայուն կապի եւ գործակցութեան մէջ է Հայաստանի սփիւռքի եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւններուն հետ: Ան աւելցուց, թէ դպրոցի գեղարուեստից դասատու Վազգէն Մուղալեանի քաջալերանքով աշակերտներ 2013-ին մասնակցած էին նկարչական մրցումին եւ ահա մրցանակի կը տիրանային:
Ապա խօսք առաւ դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որ գնահատեց դպրոցին կապերը մայր հայրենիքին հետ, յետոյ մէկ առ մէկ հրաւիրեց հետեւեալ մրցանակաւորները` ստանալու յատուկ վկայականը, ուր գրուած էր «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» համահայկական ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւն «Հայրենիք, քեզ այսպէս եմ տեսնում» (նկարների) անուանակարգում մրցանակի արժանանալու համար», ստորագրուած` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի նախագահ Արա Աբրահամեանի կողմէ:
Առաջին կարգի մրցանակ` Շուշան Քէշիշեան, որ կը ստանայ 150,000 դրամ պարգեւ):
Երկրորդ կարգի մրցանակ` Մանուէլ Ալաճաճեան (100,000) դրամ պարգեւ):
Եւ երրորդ կարգի մրցանակակիրներ` Սամուէլ Հալաճեան, Լիլիթ Գույումճեան, Կրէյս Մաամարպաշի, Սանտրա Պասեթ, Կարէն Գազանճեան, Քրիսթ Քիրեճեան եւ Կարին Տեմիրճեան (50,000-ական դրամ պարգեւ»:
Դեսպան Աշոտ Քոչարեան մրցանակաւորները եւ անոնց ծնողները շնորհաւորելէ ետք, իր խօսքին մէջ գնահատեց բազմավաստակ տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը եւ վերջերս անոր պարգեւատրումը` Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ:
Ձեռնարկի աւարտին Հայաստանի դեսպանը, դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեանը, ՀԱՔ-ի տնօրէնը եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռուբինա Արթինեանը մրցանակաւորները, անոնց ուսուցիչները եւ ծնողները յիշատակի հաւաքական նկար մը առնելէ ետք բաժնուեցան:

