Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում

1005hrip-(2)Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 10 մայիս 2014-ին` երեկոյեան ժամը 7:30-ին` վարժարանին հանդիսասրահին մէջ:

Աւարտական դասարաններու 24 աշակերտներ յատուկ հանդիսութեամբ եկան իրենց դպրոցական օրերու էջը դարձնելու իրենց իւրայատուկ ոճով, որ այս պարագային կը ներկայացուի յուզումնախառն արտայայտութիւններով եւ գնահատումներով, որոնք ապրած ու հիւսած էին Հռիփսիմեանցի կամարներուն ներքեւ լրիւ 15 դպրոցական տարեշրջաններ, իսկ այժմ անոնք իրենց ետին ձգելով մանկական ու պատանեկան ջերմ յիշատակներ` իրենց տենչերուն եւ ձգտումներուն ի խնդիր կը նային դէպի նոր հորիզոններ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութենէն եւ բարիգալստեան խօսքէն ետք շրջանաւարտներ հանդէս եկան ուղերձներով, որոնք արտասանուեցան հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, եւ որոնց մէջ ընդհանրապէս գնահատեցին ու արժեւորեցին իրենց ստացած անվերապահ խնամատարութիւնն ու հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսման անսպառ կրթական ծրագիրներու բծախնդիր հետապնդումը. խօսքերը մերթ ընդ մերթ երանգ ստացան, երգերով, նուագներով եւ պարերով, որոնք ջերմօրէն գնահատուեցան հանդիսութեան ներկաներուն կողմէ եւ որպէս ուսանողներ` իրենց բազմաշնորհ տաղանդներով հարստացուցին օրուան խորհուրդը:

Ներկայացումներու աւարտին ընկալեալ սովորութեան համաձայն` իրենց կարգին յատուկ յանձնարարութեամբ, քրիստոնէական հաւատքով եւ միշտ հայ մնալու եւ հայկական արժէքները գերադասելու թելադրականով մը, իրենց կարգին դպրոցին վահանը յանձնեցին այժմու 11-րդ դասարանի աշակերտներուն:

Վկայականաց բաշխումէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ Գէորգ վրդ. Եղիայեանը, որ յատուկ պատուանշանակներ յանձնեց կրթական տարեշրջաններու յիշատակութեան արժանի չորս աշակերտներու` Անի Թաշճեան` որպէս գերազանցիկ, իսկ Սերժ Էլէնճեան, Քրիստէլ Քէսմէյեան եւ Քրիստ Պէրպէրեան իրենց ջանասիրութեան համար, ապա պահպանիչով օրհնեց ներկաները:

1005hrip-(1)Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մարկարոսեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ վարժարանի հիմնադրութեան աւելի քան 90-ամեայ պանծալի առաքելութիւնը եւ դէպի 100-ամեայ տեսիլքով ընդգծեց Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան ընձեռած ծառայութիւնները հայ սերունդներու դաստիարակութեան համար, ապա կարեւորեց հայ ծնողքին դերը եւ առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայ սերունդէն, սպասուած ակնկալութիւնները:

Խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` ան յայտնեց. «Դո՛ւք հայ դպրոցի միջնաբերդին մէջ թրծուեցաք, 15 տարիներ ամբողջ եւ այս երեկոյ գոհունակ, վեհ գրկած այդ տարիներու ամէնօրեայ աշխատանքին արգասիքը, պիտի մեկնիք մուտք գործելու համար ձեր կեանքին երկրորդ հանգրուանի հսկայ դարպասէն ներս: Պարտաւոր էք խիզախ գնացքով, հաստատակամ քայլերով, քաջօրէն մուտք գործելու զանազան համալսարաններէն ներս` բժշկական, ճարտարագիտական, իրաւագիտութեան, տնտեսագիտութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ ձեր իսկ ընտրութեամբ:

«Եւ մինչ այս պահուն կը դիտեմ ձեր վերեւ վսեմօրէն զետեղուած երկրագունդը, ուր Լիբանանը դեռ եւս ոչ նկատելի է, կը մտածեմ Աստուածային անսահման մեծութեան, որ իր կողմէ տնօրինուած է ձեզմէ իւրաքանչիւրին համար: Կը ցանկամ, դուք ամէն մէկդ դառնաք հսկաներ այդ ծրագրին` իրագործելու մեծղի գործեր եւ նուաճումներ, քրիստոնէավայել արարքներ»:

«Թեւատարած աղաւնին, թէեւ խաղաղութիւն կը խորհրդանշէ բայց այս պահուն, ցաւ ի սիրտ, կը մտաբերեմ համընդհանուր ազգերու, ժողովուրդներու, եւ ի մասնաւորի Միջին Արեւելքի մեր հայ ժողովուրդին` տառապանքը, զրկանքները, տեղահանութիւնը, գաղթը… դո՛ւք նոր սերունդի դեռատի երիտասարդներ, դո՛ւք պիտի կերտէք նոր աշխարհ մը, որ հիմնուած ըլլայ խաղաղութեան, եղբայրութեան: Քոյր Մարկարոսեան յայտնեց, որ շրջանաւարտները վաղուան մեր վարդահեղեղ յոյսն են, մեր ապագան, անոնք պիտի պահեն հայու ազնիւ նկարագիրը, պիտի պայքարին այլասերումի դէմ, օտարամոլութեան, անարդարութիւններուն եւ ստրկութեան դէմ:

«Տէր պիտի կանգնիք մեր նուիրական սրբութիւններուն` կրօնական, ազգային, մշակութային արժէքներուն, հայ եկեղեցւոյ, հա՛յ դպրոցին: Դարձէ՛ք մէյ մէկ վահան հայկական աւանդութիւններուն, տէր կանգնեցէ՛ք մայր հայրենիքին` Հայաստանին, որ ըլլայ ծաղկուն, բարգաւաճ, նաեւ մեր ծննդավայր-հայրենիքին` Լիբանանին», նշեց ան։

Այս առիթով տնօրէնուհին շնորհակալութիւններ յայտնեց վաստակաշատ եւ մանկավարժ ուսուցչակազմին, դաստիարակներուն, պատասխանատուներուն ու պաշտօնէութեան, յատկապէս երկրորդական բաժնի տեսուչ` Կարպիս Գապասագալեանին` իր անվերապահ համագործակցութեան, իմաստուն ու հեռատես խորհուրդներուն, կազմակերպ աշխատանքին, իր ունեցած անսահման սիրոյն հանդէպ իւրաքանչիւր աշակերտի:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են վարժարանին եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները:

Share this Article
CATEGORIES