Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի տիկնանց յանձնախումբին, հինգշաբթի, 8 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Թռչնոց բոյն»-ի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան տօնակատարութիւն:
Աւելի քան 215 հոգի ներկայ եղաւ ձեռնարկին, որ սկսաւ սեղաններու օրհնութեամբ` Պարոյր աբղ. Շերնեզեանի կողմէ: Հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան բարի գալստեան խօսք փոխանցեց բոլոր ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին: Խօսք արտասանեց տիկնանց յանձնախումբի անդամ Ազատ Խանզեթեան: Ան յայտնեց, որ ճաշկերոյթը աւանդութիւն մըն է, որուն ընթացքին ներկաները իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը կը բերեն, որպէսզի «Թռչնոց բոյն»-ի սաները աւելի ուրախ եւ հանգիստ կեանք մը ապրին: Իր խօսքին մէջ խնդրեց ներկաներէն, որ չմոռնան ձեռք երկարել անոր, օգնել միշտ, որպէսզի հաստատութիւնը շարունակէ իր առաքելութիւնը:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ եւ տպաւորիչ յայտագիր, որուն ընթացքին քանի մը արտասանութիւններ կատարեց Մարինա Եսայեան, «Թռչնոց բոյն»-ի մանկապարտէզի աշակերտները մեկնաբանեցին խմբային երգեր, պարեր եւ արտասանութիւններ:
Խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց հաստատութեան կարեւորութիւնը եւ անոր շարունակական աշխատանք եւ արդէն իսկ ապագայի աշխատանքներով կատարուող թանգարանին ծրագիրը: Յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Մարալ Ադամեան:
Ներկաներէն բազմաթիւ մայրեր, ԼՕԽ-ի եւ եկեղեցասէր տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչներ կատարեցին նուիրատուութիւններ, տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

