Մայրերու Օր` Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ
Դարձեալ մայիս ամիսն ենք. գարնան գեղեցկագոյն ամսուան կը նշենք գեղեցկագոյն էակին տօնը` Մայրերու տօնը: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճի կազմը կու գայ խոնարհելու մայրութեան գաղափարին առջեւ եւ իր յարգանքն ու սէրը փոխանցելու մայրական վսեմ առաքելութեան:
Արտասովոր խանդավառութեամբ եւ ջերմիկ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Մայրերու Տօնը Խանամիրեան վարժարանին մէջ 9 մայիս 2014-ին:
Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին մանկապարտէզի, նախակրթարանի, ինչպէս նաեւ` միջնակարգի Է. եւ Ը. կարգերը:
Յաջորդաբար ներկայացուեցան` երգեր, պարեր, արտասանութիւններ, ինչպէս նաեւ` օրուան խորհուրդը պայծառացնող թատերգութիւն մը, որոնք թարմացուցին եւ իմաստաւորեցին մայրերուն, մեծ մայրերուն եւ բոլոր ներկաներուն տրամադրութիւնները: Մանուկներուն անմեղ շրթներէն արտասանուած անկեղծ խօսքերն ու երգերը կարծէք թեւ ու թռիչք պարգեւած էին մայրերուն հոգիներուն:
Հիւրասիրութեան դադարին ընտրուեցաւ օրուան բախտաւոր մայրը: Ապա մթնոլորտը ճոխացուցին Սեւան Հաճեան-Մեթլեան եւ Խանամիրեան վարժարանի երգի ուսուցիչ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան:
Վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս մեծարեց հայ մայրերը` իրենց աննկարագրելի նուիրումին, անսպառ զոհողութեան եւ անխոնջ եռանդին համար: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր «անյայտ մայրերուն»` այն տիկիններուն, որոնք միշտ սատար կը կանգնին Խանամիրեան վարժարանին: Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն` «աշակերտներուն ցերեկուան մայրերուն»:

