Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանը Յատուկ Հանդիսութեամբ Տօնեց Մայրերու Օրը
Մայիս ամիսը նուիրուած է «Մայրերու օր»-ը տօնելու: Այս առիթով Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Ծնողական խորհուրդը կազմակերպած էր յատուկ հանդիսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ 9 մայիս 2014-ին, վարժարանի «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ: Ներկայ եղան աշակերտներուն մայրերը, մեծ մայրերը, հրաւիրեալներ եւ մեր կնոջական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութիւնը ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` երգիչ-նուագողի մասնակցութեամբ:
Բացման խօսքը ներկայացուց Ծնողական խորհուրդի ներկայացուցիչը:
Ապա մանկապարտիզպանուհի Իրմա Ճերեճեան իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողաց` իրենց զաւակները հայ դպրոցին յանձնած ըլլալու համար:
Ժողովրդային երգիչ Րաֆֆի Զաքարեան, օրկանիսթ Հայկազ Պեքերեճեանի նուագակցութեամբ, ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ: Ներկաները ոգեւորուեցան եւ իրենց առօրեայ տաղտկալի հոգերը մէկ կողմ դրած` կատարեցին շուրջպարեր եւ մենապարեր:
Յայտագրի գործադրութեան ընթացքին հերթաբար արտասանեցին շնորհալի ասմունքող Մարալ Վարդապետեան, որ արտասանեց Համաստեղի «Մայր իմ անուշ»-ը եւ Մուշեղ Իշխանի «Հայ մամիկին աղօթքը» քերթուածները: Մարինա Ասայեան արտասանեց Յովհաննէս Շիրազի «Յոյսի դուռն է իմ մայրս» սրտառուչ քերթուածը:
Օրուան խորհուրդը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ Շահանդուխտ, որ նախ նշեց 9 մայիսի խորհուրդը, որ փառաւորուեցաւ Արցախի Շուշի պատմական մշակոյթի եւ հոգեւոր կեդրոնին արժէքը, դրուատեց նահատակ որդիներ ազգին նուիրած Արցախի մայրերը:
Իր խօսքին երկրորդ մասով արժանի պատիւը տուաւ հայ մօր, որ իր նուիրումով ընտանիքը կը պահէ, զաւակներուն դաստիարակութիւնը կ՛իրագործէ` հայադրոշմ աւանդութիւնները պահպանելով: Շահանդուխտ նոյն ատեն անդրադարձաւ համաշխարհայնացնող մեր դարուն, եւ թելադրեց մայրերուն իրենց զաւակները հեռու պահել քաղքենիացած սովորութիւններէ, ուրիշին անհաճոյ եւ ապաբարոյ կեցուածքները ընդօրինակելէ, կեցուածք, որ խորթ կը համեմատի մեր հայկական սկզբունքներուն:
«Մայրը աստուածաշնորհ արարածն է, ամէնէն գեղեցիկ եւ արժանաւոր էակն է ան, որուն նմանը ունեցած ենք հայկական մեր ամբողջ կեանքին մէջ, դարերէն փոխանցուած հայապահպան հաւատամքով»:
Կէսօրուան ճաշը հրամցուեցաւ ներկաներուն: Ապա շարունակուեցաւ զուարթ մթնոլորտը: Ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ` յօգուտ վարժարանին:
Չմոռցուեցաւ վիճակահանութեան բաժինը: Իրմա Ճերեճեան պատրաստած էր նաեւ հնարամիտ հանելուկներ, որոնց ճիշդ պատասխան տուողները ստացան նուէրներ:
Հայաշունչ նախաձեռնութիւն մը` մեր մայրերուն արժանի կազմակերպութեամբ:
ԹՂԹԱԿԻՑ

