Մարզական Միացեալ Օր` Այնճարի Մէջ Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ Վարժարաններու

0205sofia-(1)Ուրբաթ, 2 մայիսը յիշատակելի օր մը եղաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ վարժարաններու աշակերտութեան համար, որոնք դասերու ճնշիչ առօրեան թօթափելով` մարզական հաճելի օր մը անցուցին միասնաբար, Այնճարի մէջ:

Օրը սկսաւ ազգային երկու վարժարաններու միացեալ հաւաքով եւ քայլերգներու երգեցողութեամբ: Ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց մայիսեան յաղթանակներու ոգին վառ պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ աշակերտութեան թելադրեց մարզական օրը վերածելու յաղթանակի օրուան: Իր կարգին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան ընդգծեց մարզական ազնիւ մրցակցութեան սկզբունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը եւ մաղթեց, որ տեւաբար լաւագոյնին ձգտելու մղումը եւ խմբային գործակցութեամբ յաղթանակելու կամքը տիրապետող կ’ըլլան բոլորին մօտ:

Զոյգ տնօրէններու խօսքերէն ետք մարզական օրը ընթացք առաւ քանի մը հանգրուանով: Նախ` պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցան դաշտային բնոյթի անհատական խաղերը, ապա մրցումները շարունակուեցան կանաչ խոտի վրայ եւ եզրափակուեցան խմբային ճակատումներով` ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի տղոց ու աղջկանց մրցումներով:

0205sofia-(2)Մարզական օրուան երեք հանգրուանները կատարուեցան ընդմիջումի դադարներով, որոնք մէկ կողմէ ծառայեցին զոյգ վարժարաններու աշակերտութեան իրարու ծանօթացման, իսկ միւս կողմէ` հիւրասիրութեան եւ ճաշի սպասարկման: Այս առիթով շնորհակալ գործ կատարեցին Ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ եւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններու տիկնանց յանձնախումբերը, որոնք պատրաստեցին աւելի քան 350 աշակերտներու հիւրասիրութիւնն ու ճաշը:

Մարզական օրը երկարեցաւ մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3 եւ աւարտին հասաւ մրցանակակիրներու մետալներու բաշխումով: Յաղթական-պարտեալ տարբերութիւն չկար, բոլորը ուրախ էին իրարու յաղթանակով: Պարտեալները կը շնորհաւորէին յաղթականները, իսկ յաղթականները կը յուսադրէին պարտեալները: Ընդհանուր խանդավառութիւնը, երգն ու պարը տիրապետող էին:

Մարզական օրուան փակման եւ մետալներու բաշխման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ աշակերտութեան ողջոյնի իր խօսքը փոխանցեց Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան: Ան շնորհաւորեց մարզական օրը կազմակերպող վարժարանները եւ մաղթեց, որ մրցակցութեան ու պայքարի ոգին միշտ վառ մնայ աշակերտներու մօտ, որոնք մեր ապագան են եւ մայիսեան վաղուան նոր յաղթանակներու կերտիչներն են: Փամպուքեան յոյս յայտնեց, որ մարզական միացեալ օրը կը վերածուի աւանդութեան եւ այլ վարժարաններ եւս իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն օգտակար ու դաստիարակիչ այս նախաձեռնութեան:

Քաղաքապետին խօսքէն ետք կատարուեցաւ մետալներու եւ բաժակներու տուչութիւն, որմէ ետք օրը աւարտեցաւ դարձեալ հանդիպելու եւ նորանոր մրցակցութիւններով մարզական նոր յաջողութիւններ արձանագրելու խոստումով:

 

Share this Article
CATEGORIES