«Մայրերու Օր» Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանին Մէջ
Շաբաթ, 10 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի մանկապարտէզի բաժինի կազմակերպութեամբ Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու տօնին նուիրուած հանդիսութիւն:
Օրուան պատգամախօսն էր Ուսումնական խորհուրդի անդամ, հոգեբան եւ Եու. Էս.Ճի. համալսարանի դասախօս Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց վարիչ մանկապարտիզպան Լենա Աշգարեան-Ստամպուլեան, որ վեր առնելով մայրութեան զոհողութեան գաղափարը` հաստատեց, որ ուսուցչուհիները գիտակից իրենց առաքելութեան` որպէս իսկական մայրեր գրկաբաց կ՛ընդունին բոլոր փոքրիկները, անոնց փոխանցելով հայկական ու քրիստոնէական դաստիարակութիւն:
Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց նորաբաց լեզուով արտասանելու եւ երախտագիտութիւն յայտնելու իրենց ծնողներուն` մօր նուիրուած բանաստեղծութիւններով: Այնուհետեւ երգչախմբային կատարումին զուգահեռ ներկայացուեցաւ պարային բեմադրութիւն մը` պատկերելով մօր տիպարն ու զոհողութիւնները:
Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն արաբերէն արտասանութեան յաջորդեց Ծաղիկ դասարանի «Mothers Day» բառերու կազմութիւնը եւ «Մեր մայրերուն» խօսքը:
Գարունն ու Մայրերու տօնը միաձուլուած ներկայացուեցան բեմին վրայ Ծաղիկ դասարանի «Գարուն-գարուն» պարով եւ Բ. դասարանէն Լիւսի Հերկելեանի եւ Ա.դասարանէն Սոֆի Գալուստեանի ասմունքով:

Լուիզա Պապոյեան – Ազէզեան
Օրուան պատգամախօս Լուիզա Պապոյեան, Ազէզեան իր խօսքը սկսաւ հարց տալով ներկաներուն երեւակայել աշխարհ մը առանց մօր` ու աւելցուց` ըսելով, որ Աստուած նոյնիսկ մօր կարիքը զգալով` մարդկութեան նուիրած է Սուրբ Աստուածածինը:
Ապա անդրադառնալով հայ ժողովուրդի հնադարեան պատմութեան` ան ներկաներուն յիշեցուց, որ հայերս հեթանոսական դարերէն պաշտած ենք մայրութեան աստուածուհին` Անահիտը, որուն տօնը կը տօնէին օգոստոս ամսուան կիսուն, զոր Գրիգոր Լուսաւորիչ վերածեց Տիրամօր` Աստուածածնայ տօնին:
Պատգամախօսը հաստատեց, որ մայրութիւնը կոչում է, որմէ ստացած դաստիարակութիւնը միակ ազդեցիկ կրթութիւնն է, որ մարդ իրեն հետ կը տանի մինչեւ ծերութիւն:
Ան հայ մայրերը «իսկական գանձեր» որակելով` ըսաւ, որ այն ձեռքերը, որոնք օրօրոց կը շարժեն, կրնան մարդկութեան ճակատագիրը կերտել, ու շարունակելով այդ գաղափարը` ան հաստատեց ,որ տիպար ընտանիքը շրջահայեաց եւ գիտակից մօր բերդը կը հանդիսանայ, որուն բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով սնուցանողը դարձեալ ինքն է` Հայ Մայրը:
Ապա պատգամախօսը հիմնաւորուելով Յ.Շիրազի «Մեր տան Աստուածն է մայրս» խօսքին վրայ` յայտնեց, որ հայ մայրը սիրոյ վաւերական մարմնացումն է, իսկ մենք` հայերս, զայն պաշտողը, որովհետեւ մեր աւանդական ու ազգային արժէքներուն որպէս մակդիր` գործածած ենք «Մայր» բառը: (Մայր Հայրենիք, Մայր Աթոռ, Մայր Հայաստան…)
Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան իր պատգամը եզրափակեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հօր խօսքով. «Առանց հայ մօր ճառագայթող ներկայութեան` անգոյն է մեր կեանքը»:
Ապա 8-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Լիլիթ Աբրահամեան անգլերէնով փառաբանեց մօր զոհողութիւնը, որուն յաջորդեց 5-6 դասարաններու ազգագրական ճոխ պարը:
Հանդիսութեան աւարտին, բախտաւոր մօր ընտրութենէն ետք, վարիչ մանկապարտիզպանը բեմ հրաւիրեց վարժարանի երեք բաժիններու տնտեսուհիները ու անոնց գեղեցիկ ծաղիկներ յանձնելով` երախտագիտութիւն յայտնեց ամբողջ աշակերտութեան եւ անձնակազմին կողմէ:

