«Լիբանանի Հայերը» Բ. Գիտաժողովի Երկրորդ Օրուան Զեկուցումները
Երէկ Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Լիբանանի հայերը» Բ. գիտաժողովի վերջին երկու նիստերը:
Առաւօտեան նիստին դոկտ. Քլոտ Մութաֆեան ներկայացուց «Հայ եւ լիբանանեան քանի մը դաշինքներ խաչակիրներու ժամանակ» նիւթով զեկուցումը, դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան` «Մուսա լերան հայութեան տեղաւորումը Լիբանան (1939-1940)» նիւթով զեկուցումը, դոկտ. Ճէյմս Սքոթըր` «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւ լիբանանահայ համայնքը (1943-1975)» նիւթով զեկուցումը, իսկ դոկտ. Արման Եղիազարեան` «Լիբանանի հայ համայնքը եւ մոտելային սփիւռքի խնդիրը հայ իրականութեան մէջ» նիւթով զեկուցումը:
Յետմիջօրէի նիստին զեկուցումները ներկայացուցին երիտասարդական խմբակին դասախօսները: Հրաչ Քեսթենեան ներկայացուց «Հայ ուսանողական կեանքը սուրիական բողոքական քոլեճին մէջ (1885-1918)» նիւթով զեկուցումը, Եղիկ Թաշճեան` «Երրորդ ուղին լիբանանահայութեան մէջ (1956-1960)» նիւթով զեկուցումը, Վահագն Քէշիշեան` «Լիբանանահայ պետական պաշտօնեաները» նիւթով զեկուցումը, Արազ Գոճայեան` «Հանրային անդրադարձը` տագնապներու ժամանակ, Կեզի զբօսայգիի դէպքերուն անդրադարձը լիբանանահայ երիտասարդութեան մօտ» նիւթով զեկուցումը, իսկ Շանթ Վարդանեան` «Սուրիահայ գաղթականները Լիբանանի մէջ» նիւթով զեկուցումը:
Երկու նիստերէն ետք տեղի ունեցաւ զեկուցումներու քննարկում:

