«Լիբանանի Հայերը» Բ. Գիտաժողովը Եզրափակուեցաւ «Պատմական Պտոյտ Մը Պուրճ Համուտի Մէջ» Դասախօսութեամբ

Վիգէն Աւագեան
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Լիբանանի հայերը» Բ. գիտաժողովի ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 16 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտը ներկայացնող դասախօսութիւն-ներկայացում մը:
Վիգէն Աւագեան ներկայացուց «Պատմական պտոյտ մը Պուրճ Համուտի մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի զարգացման պայմաններուն եւ հանգրուաններուն: Ապա սահիկներու օգնութեամբ Վիգէն Աւագեան ներկայացուց Պուրճ Համուտի հիմնադրութեան եւ կազմաւորման տարիներէն մինչեւ այսօր երկարող հանգրուանային պատկերը, ան անդրադարձաւ 1929-1939 ժամանակաշրջանի կազմաւորման տարիներու հանգրուանին, ապա ներկայացուց Պուրճ Համուտի բնակչութեան 1939-1952 տարիներու ապրած տագնապի եւ խարխափումի հանգրուանը, որուն անմիջապէս յաջորդեց 1952-1975 ժամանակաշրջանը, որ Վիգէն Աւագեանի ներկայացուցած արժեւորումով կը ներկայացուէր իբրեւ բարգաւաճման եւ հայեցի դիմագիծը վերագտնելու հանգրուան, իսկ յաջորդող ժամանակաշրջանը` 1975-1990` իբրեւ ազգային միջնաբերդի տարիներ:
Վերջին բաժինով Վիգէն Աւագեան ներկայացուց 1990-էն մինչեւ այսօր երկարող ժամանակաշրջանը: Բոլոր հանգրուաններու ներկայացման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանահայութեան, յատկապէս Պուրճ Համուտի մէջ տիրող կրթական, մշակութային, միութենական, հոգեւոր դաստիարակութեան եւ քաղաքական-կուսակցական երեսներուն:
Կեդրոնանալով վերջին հանգրուանին վրայ` դասախօսը ներկաներուն պարզեց Պուրճ Համուտի դիմագրաւած այսօրուան դժուարութիւնները` ընդգծելով, որ «Պուրճ Համուտը այսօր կը գտնուի իր սեփական ինքնութիւնն ու դիմագիծը կորսնցնելու լուրջ վտանգի տակ: Դիմագրաւուած մարտահրաւէրները մեծ են եւ կ՛ենթադրեն մեծ ճիգեր, Պուրճ Համուտը պէտք է մնայ ուժեղ եւ կազմակերպ ոչ միայն լիբանանահայութեան համար, այլեւ` բովանդակ հայութեան շահերուն համար», շեշտեց Վիգէն Աւագեան:
Նշենք, որ դասախօսութեան յաջորդեց Պուրճ Համուտին նուիրուած լուսանկարներու եւ 1950-1970-ականներու լիբանանահայ երգիչներու եւ երգչախումբերու ձայնասկաւառակներու ցուցահանդէսի բացումը:

