Մասնագէտները Բացայայտած Են «Ֆուքուշիմա-1»-ի Ճառագայթման Արտահոսքին Վայրը

1605Fukushima«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ճափոնական «Ֆուքուշիմա-1» հիւլէական կայանը բանեցնող ԹԵՓՔՕ ընկերութեան մասնագէտները առաջին անգամ ըլլալով կրցած են յստակ կերպով ճշդել այն վայրը, ուրկէ ճառագայթուած ջուրի արտահոսում տեղի կ՛ունենայ:

Մասնագէտներու կարծիքով` շողարձակ տարրերու բարձր պարունակութեամբ ջուրի արտահոսքը տեղի կ՛ունենայ 3-րդ հնոցէն: Սակայն, թէ մասնագէտները ինչպէ՛ս պիտի դադրեցնեն արտահոսքը, տակաւին չի հաղորդուիր:

Հիւլէական աղէտը տեղի ունեցած էր 11 մարտ 2011-ին` Ճափոնի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ: Հզօր երկրաշարժին յաջորդած կործանիչ ծովաշարժը վնասած էր հիւլէական կայանի 6 հնոցներէն 4-ին` պատճառ դառնալով հիւլէական աղէտի:

Ներկայիս հիւլէական կայանի գլխաւոր խնդիրը ճառագայթուած ջուրի պահման վայրն է, ինչպէս նաեւ այդ ջուրի արտահոսքը: Կը նշուի, որ աղէտի հետեւանքները ամբողջութեամբ ջնջելու համար պիտի պահանջուի քառասուն տարի:

Share this Article
CATEGORIES